image

Ամերիկա Իր Քաղաքացիներուն Կ'արգիլէ Թուրքիոյ Հարաւ- Արեւելեան Շրջաներ Այցելել

Ամերիկա  Իր Քաղաքացիներուն Կ'արգիլէ Թուրքիոյ   Հարաւ- Արեւելեան  Շրջաներ  Այցելել

Թուրքիա- («Էլ Նաշրա»- Պէյրութ) Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու  արտաքին գործոց նախարարութիւնը   այսօր յայտարարութիւն մը կատարելով զգուշացուց  իր քաղաքացիները Թուրքիոյ  հարաւ արեւելեան շրջաններ այցելելէ: Ըստ  նախարարութեան   հրապարակած  յայտարարութեան, այդ շրջանները վտանգաւոր  շրջաններ կը համարուին, ուր ամերիկացի քաղաքացիներուն ապահովութիւնը   երաշխաւորուած չէ: