Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի վեհարանին մէջ Ամենայն Հայոց հայրապետ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ.ն Վեհափառը այսօր առաւօտ ընդունած է Պոլսոյ պատրիարքութեան տեղապահ Տ. Արամ արք. Աթէշեանը: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Մայր Աթոռի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ փոխանցեց, թէ հանդիպման Ս. Արամ արք.ին ընկերակցած են Տ. Յարութիւն աբղ. Տամատեան, Տ. Գրիգոր աւ. քհնյ. Տամատեան եւ Մկրտիչ Սէրթշիմշէք: Հանդիպման քննարկուած թեմաներու մասին տեղեկութիւններ չեն փոխանցուիր:
