image
Հրատապ լուրեր:

«Ալ Եարմուք» գաղթակայանին մէջ իսրայէլցի զինուորներու դիակներու փնտռտո՞ւք

«Ալ Եարմուք» գաղթակայանին մէջ իսրայէլցի զինուորներու դիակներու փնտռտո՞ւք

Սուրիական «Ալ Ուաթան» թերթը յայտնած է, որ նախքան «Ալ Եարմուք» գաղթակայանի ազատագրումը, տեղի զինեալ ահաբեկիչները «Նահատակաց դամբարան»ը փորփրած են, այնտեղ իսրայէլցի զինուորներու դիակներ յայտնաբերելու նպատակով:

Աղբիւրին փոխանցմամբ, 1982 թուականին Լիբանանի Սուլթան Եագոուպ կոչուած շրջանին մէջ իսրայէլեան ուժերուն դէմ մղուած պատերազմի ժամանակ սպաննուած իսրայէլցի զինուորներու դիակները տեղափոխուած են «Ալ Եարմուք» գաղթակայան, եւ այնտեղ նահատակներու յատուկ դամբարանին մէջ թաղուած են:

Իսրայէլեան կառավարութեան հրամանով, տարածքը ահաբեկիչներու կողմէ գրաւուելէ ետք, վերջիններս յիշեալ դիակներու որոնման աշխատանքներ իրականացուցած են, զանոնք Իսրայէլ տեղափոխելու եւ այնտեղ իրենց ծէսերով թաղուելու նպատակով: