image

Ակնարկներ՝ Պոլսահայ Ուսումնական Համակարգին եւ Հաստատութիւններուն Մասին. Ալպէր Քէշիշ

Ակնարկներ՝ Պոլսահայ Ուսումնական Համակարգին եւ Հաստատութիւններուն Մասին. Ալպէր Քէշիշ

 Յատուկ ՝ «Արեւելք»ին

Ամառնային արձակուրդը հաշուետուութեան ու հաշուեյարդարի շրջանն է ուսումնական հաստատութիւններու համար: Այս ժամանակահատուածը մեր համայնքին համար ալ առիթ կ'ընծայէ գնահատանքներու, քննադատութիւններու, առաջարկներու, ակնկալիքներու եւ զանազան մտածումներու՝ պոլսահայ վարժարաններու առկայ իրավիճակին վերաբերեալ:

Հայ դպրոցը հայ համայնքի ներկայութեան եւ հայեցի ինքնութեան կարեւոր փաստերէն մէկն է: Այս առումով, պոլսահայ ուսումնական հաստատութիւնները անհերքելի դեր մը կը խաղան՝ ներկայացնելով պոլսահայոց ազգային կենսունակութեան ամենակարեւոր միջոցը: Պոլսահայ ուսումնական համակարգին առաքելութիւնը հիմնականօրէն բազմակողմանի է. հայեցի ինքնութիւնը կերտելու համար հայոց լեզուն եւ մշակոյթը նոր սերունդներուն փոխանցել եւ զարգացնել զայն՝ տեղական ու տիեզերական արդի գիտելիքներուն առընթեր:

Թուրքիոյ հայ համայնքի վարժարաններու ներկայութիւնը երաշխաւորուած է Լոզանի Դաշնագրի որոշ յօդուածներով: Սակայն նկատի ունենալով հանրապետական շրջանի իրագործումները, այդքան ալ դիւրին չէ եղած հայկական ուսումնական հաստատութիւններու գործունէութիւնը:

Նախ եւ առաջ, խիստ կարիքը կայ յստակեցնելու հայ վարժարաններու օրինական կարգավիճակը: Թուրքիոյ մէջ վարժարանները կը դասաւորուին որպէս  պետական, սեփական եւ օտար հաստատութիւններ: Ինչ կը վերաբերի հայ ազգային դպրոցներուն, անոնք պետական չեն համարուիր, որովհետեւ որոշ համայնքի մը կը ծառայեն: Ֆրանսական, ամերիկեան եւ իտալական վարժարաններու նման օտար չեն, քանի որ հայ համայնքը որպէս երկրի հնագոյն ազգերէն մին օտար չէ: Սեփական չեն, որովհետեւ այս հաստատութիւները ոեւէ անհատի մը սեփականութեան տակ չեն, այլ պարզապէս ամբողջ համայնքին կը պատկանին: Ըստ ներկայ կանոնագրութեան, հայ վարժարանները կը սահմանուին սեփական եւ օտար վարժարաններու շարքին մէջ, տեղի տալով լուրջ ելեւմտական հարցերու:

Պետական կամ ոչ-սեփական վարժարաններու կարիքները եւ այլ ծախսերը կը մատակարարուին նախարարութեան կողմէ: Իսկ համայնքային դպրոցները պարտաւոր են իրենց պիւտճէն կազմելու բարերարներու ու ծնողներու նուիրատուութիւններով, համայնքին պատկանող հաստատութիւններու կալուածներու եկամուտով եւ նման այլ միջոցներով: Պոլսահայ աշակերտութեան քանակին օր ըստ օրէ նուազումին զուգահեռ, ալ աւելի դժուար կը դառնայ ուսումնարաններու ծախսերը դիմագրաւել: Այստեղ հարկ է նշել դպրոցներու միջեւ գոյացած անհաւասարութիւնը թէ՛ նիւթական կարելիութեան եւ թէ աշակերտաց քանակին առումով: Կարգ մը վարժարաններ կը տիրեն աւելի լաւ պայմաններու, իսկ ուրիշներ՝ աւելի համեստ: Պոլսահայոց ուսումնական հաստատութիւններուն միջեւ համագործակցութիւնը անհրաժեշտ է նշեալ բարդոյթը յաղթահարելու համար: Վերջերս պետութեան կողմէ ամէն մէկ աշակերտի համար որոշ չափով նպաստ կը տրուի անխտիր բոլոր վարժարաններուն, ներառեալ հայ ազգի դպրոցները:

Նաեւ այլ անհաւասարութիւն մըն ալ նկատելի է նախարարութեան կողմէ նշանակուած թուրք ուսուցիչներու եւ հայկական վարժարանի վարչութեան կողմէ պաշտօնի կոչուած հայ ուսուցիչներու միջեւ: Նոյն դպրոցի մէջ նման դասաժամերով աշխատելով հանդերձ, թուրք ուսուցիչներուն աշխատավարձը կը վճարուի պետութեան կողմէ, որ ենթակայ է հերթական յաւելումներու եւ այլ առաւելութիւններու: Այս պատճառաւ, շատ անգամ աւելի բարձր գումար մը կը ստանան նախարարութեան կողմէ նշանակուած ուսուցիչները: Անոնք միաժամանակ կը վայելեն ընկերային ընդարձակ ապահովագրութիւն եւ աշխատանքային ցկեանս երաշխիկ, որու համաձայն հեռու են աննշան պատրուակներով պաշտօնազուրկ ըլլալէ՝ գերազանցելով հայ դասատուներու իրաւունքները: Սոյն իրաւունքներու չգոյութեան պատճառաւ, հայ ուսուցիչները կը գործեն վարչութեան կողմէ դպրոցէն արտաքսուելու սպառնալիքին տակ: Երբեմն դասատուներուն դպրոցէն հեռացումը տեղի կ'ունենայ մանկավարժութեան սկզբունքները, ուսուցիչներուն մասնագիտական որակը եւ վաստակը անտեսելով: Նման անհատական պատճառներով տրուած որոշումները վնաս կը պատճառեն պոլսահայ ուսումնական համակարգին՝ տեղի տալով մասնագէտ ուսուցիչներու կորուստին, անարդարութեան եւ վիճաբանութեան՝ համայնքային շրջանակներէ ներս:

Օրէնքի համաձայն, ինչպէս Թուրքիոյ մէջ գործող օտար վարժարանները, պոլսահայ դպրոցներն ալ պարտաւոր են նախարարութեան կողմէ մշակուած ուսումնական ծրագիրը դասաւանդել: Այս դասերու շարքին մէջ կարելի է նշել թրքերէն լեզուն, Թուրքիոյ պատմութիւնն ու գրականութիւնը, թուաբանութիւնը, գիտութիւնը, արուեստը, մարզանքը եւայլն, որոնք կը կազմեն ամբողջ երկրի հասարակ ուսումնական ծրագիրը եւ պարտադրաբար կը դասաւանդուին բոլոր ուսումնարաններուն մէջ: Հայ վարժարաններու ինքնութեան ու ներկայութեան հիմքը կը կազմէ հայ լեզուի եւ մշակոյթին նուիրուած դասաժամերը: Հայոց լեզուն ու գրականութիւնը կը դասաւանդուին վերոյիշեալ պարտադիր եւ հասարակ դասերու կողքին: Այս իրողութիւնը կը պահանջէ յաւելեալ դասաժամեր: Իսկ հայոց պատմութեան մասին դասեր գոյութիւն չունին:

Ինչպէս նշեցինք, պոլսահայ վարժարաններու ներկայութեան հիմնական առաքելութիւնը կը կազմէ հայոց լեզուի ուսուցումը: Բայց այս ոլորտի մէջն ալ նկատելի են մի շարք հարցեր եւ բարդոյթներ: Հայ վարժարանէն շրջանաւարտ հայ պատանիներ ո՞րքան կը տիրապետեն մայրենիին: Անոնցմէ քանի՞ն կրնայ ընթերցել հայերէն գիրք կամ թերթ մը եւ արտայայտուիլ հայերէնով մայրենի լեզուին վայել հմտութիւնով: Բացառութիւնները մէկ դի, դժուար է դրական պատասխան մը տալ:

Թուրքիոյ համալսարաններուն մէջ արեւմտահայերէնի եւ արեւմտահայ գրականութեան ուղղուած բաժնի մը չգոյութեան պատճառաւ զգալի է հայոց լեզուի մասնագէտ ուսուցիչներու պակասը: Այլ երկիրներու մէջ ուսանած կամ անհատական գերմարդկային ջանքերով մասնագիտացած հազուագիւտ ուսուցիչներն ալ չեն քաջալերուիր զանազան պատճառներու բերումով::

Կարգ մը ծնողներու մայրենիի հանդէպ բացասական վերաբերմունքն ալ կը նպաստէ այս կնճռոտ հարցին: Ըստ իրենց մտայնութեան, հայերէնը գործնական առումով շահաբեր չէ: Աւելի լաւ է անգլիերէնի նման միջազգային լեզու մը սորվիլ քան հայերէնը: Սոյն շուկայական տեսակէտի տէր անձինք կը նախընտրեն օտար վարժարաններ՝ անտեղի նկատելով հայերէնի դասաւանդումը:

Մայրենիի ուսուցման կարեւոր տարրերէն մէկն ալ դասագիրքերն են: Յատկապէս արեւմտահայերէնի ուսուցման նուիրուած արդիական ոճով դասագիրքերու չգոյութիւնը ո՛չ միայն պոլսահայութեան, այլ ամբողջ սփիւռքահայութեան կարեւոր հարցերէն մէկը կը հանդիսանայ: Ինչպէս անգլիերէնի, ֆրանսերէնի կամ գերմաներէնի դասընթացքներուն պատկանող գիրքերը, արեւմտահայ դասագիրքերն ալ պէտք է ունենան գրելու, կարդալու, խօսելու եւ մտիկ ընելու հմտութիւնները զարգացնելու ուղեգիծ մը՝ օժտուած նկարներով, ձայներիզներով ու տեսահոլովակներով: Պէտք է նաեւ պատրաստուին տարբեր մակարդակներու համաձայն դասագիրքեր՝ նկատի ունենալով տարբեր տարիքներու անհատները եւ իրենց պահանջը՝ փոքր երախաներէն մինչեւ չափահասներ:

Դասաքիրքերու մակարդակէն ու բովանդակութենէն մեկնելով, մեր նկատողութենէն չի վրիպիր այլ բարդույթ մը. աշակերտներու միջեւ հայերէնի մակարդակի տարբերութիւնը: Խօսքը հայախօս եւ ոչ-հայախօս ընտանիքներու զաւակներու միջեւ գոյութիւն առած մայրենիի իմացութեան հսկայ տարբերութեան մասին է: Խառն ամուսնութիւններ կերտող կամ Պոլիսէն հեռու վայրեր բնակող հայ ընտանիքները ճնշող մեծամասնութեամբ հայախօս չեն: Հայախօս ընտանիքներէ ծնած երախաները մեծ մասամբ պատրաստ են հայերէն ուսում ստանալու, քանի որ հայերէնը իրենց մայրենի լեզուի հանգամանքը ունի: Սակայն դժբախտաբար ոչ-հայախօսներու զաւակներուն համար պէտք է կիրառել օտար լեզուի ուսուցման նման հայերէնի դասաւանդութեան մեթոտ մը՝ մանկավարժական իմաստով: Աւելի լաւ առաջարկ մը պիտի ըլլայ դասարանները անջատել եւ նախապատրաստական դասարան մը կազմել ոչ-հայախօս աշակերտներուն համար, որոնց մայրենին ստացած է օտար լեզուի մը հանգամանքը ճակատագրի բերումով: Նման գործադրութիւն մը կը կարօտի յաւելեալ ելեւմտական ներդրումի: Բացի ատկէ՝ ծնողները պէտք է յօժարին յաւելեալ ուսումնական տարիի մը՝ նախապատրաստական դասարանի մը համար: Այս վերջինը իրականացնել շատ դժուար կը թուի՝ նկատի ունենալով ծնողներու կարեւոր մէկ հատուածին մայրենիի դէմ ցուցաբերած անտարբերութիւնը:

Պոլսահայ ուսումնական կեանքին վերաբերող խնդիրները կասկած չկայ որ երկար ժամանակի ընթացքին կուտակուած հարցերու արդիւնքն են: Ներկայ բարդութիւնները ունին քաղաքական, տնտեսական, օրինական, վարչական եւ մանկավարժական երեսակներ: Լուծումը որքան ալ դժուար երեւի, կարեւոր կը նկատեմ աշխարհասփիւռ հայութեան հետ աւելի սերտ յարաբերութիւններ մշակել եւ մասնագիտական կապերը ու համագործակցութիւնը ամրացնել՝ յատկապէս հայագիտութեան ու մանկավարժութեան բնագաւառներէ ներս:

 

 

 Ալպէր Քէշիշ/ Պոլիս