Սուրիոյ Հալէպ նահանգին մէջ ականներու պայթումի հետեւանքով 8 խաղաղ բնակիչ զոհուած է, 27-ը՝ վիրաւորուած: Այս մասին կը հաղորդէ սուրիական պետական լրատուականը:
Վկայակոչելով Հալէպի ոստիկանութեան, աղբիւրը յայտնած է, որ երէկ, 7 մարդ զոհուած է, 14-ը վիրաւորուած են Մարակա գիւղին մէջ ահաբեկիչներու թողած ականի պայթումին հետեւանքով: Ականը պայթած է, երբ անոր կողքէն անցած է աշխատաւորներ տեղափոխող բեռնատարը:
Կը հաղորդուի նաեւ, որ մէկ քաղաքացի զոհուած, եւս 13-ը վիրաւորուած են Թէլլ-Արան գիւղին մէջ՝ դարձեալ ահաբեկիչներու թողած ականի պայթումէն:
Կը նշուի, որ ահաբեկիչները, սուրիական բանակի ճնշումներուն տակ հեռանալով բնակելի թաղամասերէն, պայթուցիկ սարքեր տեղադրած են այնտեղ, երբեմն նաեւ բնակելի տուներու մէջ: