image

Աֆրինի վերջին հայորդին ՝Յարութ Գէորգը ստիպուած եղաւ լքել իր բնօրրանը

Աֆրինի  վերջին  հայորդին ՝Յարութ  Գէորգը  ստիպուած  եղաւ  լքել իր     բնօրրանը

Թրքական պետութիւնն ու աւազակները Աֆրինի մէջ մնացած վերջին հայ Յարութ Գէորգի տունը խլած ու մզկիթի վերածած են:

Աֆրինի գրաւումէն յետոյ  թրքական պետութիւնն ու աւազակախումբերը կը շարունակեն բռնագրաւել, թալանել, բռնաբարել ու ամէն տեսակ անմարդկային արարքներ գործել այնտեղ:

Մինչեւ օրս թրքական պետութեան աւազակները հազարաւոր ընտանիքներէ խլած են  անոնց տունն ու ունեցուածքը, այս անգամ ալ` Աֆրին մնացած վերջին հայուն տունն ու ունեցուածքը խլած են: Այս մասին կը յայտնէ Akunq.net-ը:

 


Յարութ Գէորգի ընտանիքը Օսմանեան կայսրութեան կողմէ 1915-ին կատարուած Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով ստիպուած Աֆրին գաղթած հարիւր հազարաւոր հայ ընտանիքներէն մէկն է: 1915-էն յետոյ Աֆրին ապրող ու ապրուստը մետաղական նիւթերու վաճառքով վաստակող Գէորգի տունը, խանութն ու ողջ ունեցուածքը թուրք աւազակները խլած են: Դեռ աւելին` տունը, որ կը գտնուի Ճինտարիսի ճանապարհի եզրին, վերածուած է մզկիթի ու անուանուած` Էլ-Ֆարուք:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ աւազակներուն կողմէ յարձակումներու ու ճնշումներու ենթարկուելէ յետոյ Գէորգը Աֆրինէն գաղթած է Հալէպ: