Մարտի 31-էն ապրիլի 6-ը ինկած ժամանակահատուածին արցախա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գօտիին վրայ հակառակորդը հրադադարի պահպանման ռեժիմը խախտած է շուրջ 250 անգամ, որու ընթացքին, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակած է աւելի քան 2500 կրակոց:Այս մասին կը տեղեկացնէ ԱՀ ՊՆ մամուլի ծառայութիւնը։
ՊԲ առաջապահ զօրամասերը կը շարունակեն լիակատար վերահսկողութիւն պահպանել առաջնագիծին վրայ եւ վստահօրէն իրականացնել իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրը: