image

2017 թուականի ընթացքին 65 լրագրող սպաննուած է

2017 թուականի ընթացքին 65 լրագրող սպաննուած է

«Լրագրողներ առանց սահմանի» կազմակերպութիւնը յայտնած է, որ ըստ իր տարեկան տեղեկագրութեան, 2017 թուականի ընթացքին 65 լրագրող սպաննուած է, որոնցմէ 50-ը մասնագէտ լրագրողներ են, 7-ը՝ անհատ լրագրողներ, եւ 8-ը՝ լրատուամիջոցներու հետ համագործակցողներ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ֆրանսբրէս» լրատուական գործակալութիւնը:

Փարիզի մէջ գործունէութիւն ծաւալող կազմակերպութիւնը նշած է, որ այս տարուան տուեալներուն համաձայն, անցնող 14 տարիներու ընթացքին 2017 թուականը նուազագոյն արիւնալին եղած է լրագրողներուն համար:

Կազմակերպութեան տուեալներուն համաձայն, լրագրողներու կեանքին համար ամենավտանգաւոր երկիրը կը շարունակէ մնալ Սուրիան, ուր այս տարուան ընթացքին 12 լրագրող սպաննուած է: