image
Հրատապ լուրեր:

2015 Մայիսէն սկսեալ դադրեցուցինք Անգարայի հետ երկխօսութեան գործընթացը. Արեւմտահայոց Ազգային Համագումար

2015   Մայիսէն  սկսեալ դադրեցուցինք Անգարայի հետ երկխօսութեան գործընթացը. Արեւմտահայոց Ազգային  Համագումար

Արեւմտահայոց Ազգային Համագումարի Ազգային խորհուրդը նկատի ունենալով

Թուրքիոյ մէջ բնակող քիւրտ, ալեւի և այլ փոքրամասնություններու եւ կրօնական խումբերու նկատմամբ կիրառուող հալածանքները ու վերջին ամիսներուն սեփական խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ իրականացուող ռմբահարումները, ինչպես նաեւ ԶԼՄ-ներու եւ ժողովրդավարական ինստիտուտներու նկատմամբ ճչացող անօրինականութիւնները,

 

Նկատի ունենալով նաեւ

Լեռնային Ղարաբաղի և Հայաստանի Հանրապետութիւններու արեւելեան և արեւմտեան սահմաններուն վրայ ատրպէյճանական բանակի զորամասերու կողմէ սանձազերծուող յարձակումները, որոնք կ'ուղեկցուին խաղաղ հայ ազգաբնակչութեան հանդէպ իրականացուող անմարդկային ու վայրագ բռնութիւններով, անոնց նկատմամբ պաշտօնական Անգարայի մեղսակից ու հրահրիչ յայտարարութիւնները, ինչպէս նաեւ նկատի ունենալով, որ թրքական իշխանութիւնները անտեսած են 2015 թ. մարտի 27-28-ը Փարիզի մէջ կայացած Արեմտահայոց 4-րդ համագումարի յայտարարութիւնը՝ արեւմտահայութեան իրաւունքներու վերականգնման ուղղութեամբ համապարփակ բարեփոխումներ սկսելու վերաբերեալ,

կ'եզրակացնէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռ. Էրտողանի վարչակազմը ժողովրդավարութեան եւ խաղաղասիրութեան անունին  տակ որդեգրած է փանթուրքիստական յանցագործ գործելաոճը, խախտելով միջազգային իրաւունքի նորմերը՝ կը միջամտէ երրորդ պետութեան ներքին գործերուն և նպատակ ունի Թուրքիոյ մէջ վերականգնել ամբողջատիրական կարգեր:

Արդ՝

ԱԱՀ Ազգային Խորհուրդը կը յայտարարէ, որ 2015 մայիս ամիսէն սկսեալ դադրեցուցած է արևմտահայութեան իրաւունքներու վերականգնման ուղղութեամբ Անգարայի իշխանութիւններուն հետ երկխօսութեան գործընթացը:

Միաժամանակ Արեւմտահայոց Ազգային Համագումարը ակտիւացուցած է Թուրքիոյ նկատմամբ միջազգային դատավարութիւն կազմակերպելու աշխատանքները և նախաձեռնած է սերտ համագործակցութիւն Փոքր Ասիոյ բոլոր հալածեալ և տեղահանեալ ազգերուն հետ համաթուրքական ազգայնամոլական գործընթացին դէմ միասնական ուժերով պայքարի ուղղութեամբ:


Երեւան, 27 Ապրիլ 2016թ.