image

2014-էն ի վեր ՏԱՀԷՇ Իրաքի դրամատուներէն թալանած է 835 միլիոն տոլար

2014-էն ի վեր   ՏԱՀԷՇ  Իրաքի դրամատուներէն թալանած է  835 միլիոն տոլար

«Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան զինեալները 2014 թուականէնԻրաքի սեփական եւ պետական դրամատուներէն շուրջ 835 միլիոն տոլար գողցած են: Ինչպէսկ'իրազեկէ թրքական «Mynet» լրատուական կայքը, այս մասին գրաւոր յայտարարութիւնկատարած է Իրաքի Կեդրոնական դրամատունը:
Ընդ որում, այդ նիւթական միջոցները կը պատկանէին երկրի Ներքին գործոց եւ Պաշտպանութեան նախարարութիւններուն, իրաքեան սեփական շարք մը ընկերութիւններու, ինչպէս նաեւ Իրաքի որոշ քաղաքացիներու:
Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Իրաքի դրամատնային համակարգը տուժած է այն ժամանակ, երբ Իսլամական Պետութիւնն իր վերահսկողութեան տակ վերցուցած է երկրի Մուսուլ, Սալահ Ալ Տին եւ Անպար նահանգները:
Կը տեղեկացուի, որ Իսլամական Պետութիւնն իր վերհսկողութեան տակ պահած է Իրաքի սեփական եւ պետական դրամատուներու 121 մասնաճիւղ՝ ներառեալ երկրի Կեդրոնական դրամատունը:
Բացի անկէ, Իրաքի որոշ տարածքներու մէջ Իսլամական Պետութիւնն անօրինական կերպով օրական վաճառած է 30 հազար պարել նաւթ, որուն հետեւանքով  2014 թուականէն ի վեր Իսլամական Պետութեան տարեկան եկամուտը կազմած է 2 միլիառ տոլար: