Սուրիա- Լաթաքիոյ մէջ ահաբեկչական պայթում գրանցուած է: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ շրջանի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ հաստատեց, որ այսօր յետմիջօրէին ահաբեկչական պայթում մը գրանցուած է քաղաքի Յոյն Ուղղափառներու Մար Ընտրաուս (Սուրբ Անդրէաս) եկեղեցւոյ մօտ: Անծանօթներ ձեռնառումբ մը նետած են եկեղեցիին շրջափակին մէջ, ուր տեղի կ'ունենար պատանեկան քերմէս մը: Զոհուած են երկու արաբ քրիստոնեայ պատանիներ եւ կան տասնեակ վիրաւորներ: Ըստ մեր աղբիւրին` վիրաւորներուն մէջ կան երկու հայ պատանիներ:
