image
Հրատապ լուրեր:

14 մայիսը ճակատագրական օր պիտի ըլլայ. «Jerusalem Post»

14 մայիսը ճակատագրական օր պիտի ըլլայ. «Jerusalem Post»

Իսրայէլեան «Jerusalem Post» թերթը յայտնած է, որ խաղաղութեան հաստատման նախագիծի ծիրին մէջ, ամերիկեան կառավարութիւնը Իսրայէլէն պիտի պահանջէ Արեւելեան Երուսաղէմի 4 թաղամասերէ հեռանալ:

Այս մասին, ըստ թերթին, ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնեաները յայտնած են անցնող շաբթուան ընթացքին ԱՄՆ այցելած Իսրայէլի Պաշտպանութեան նախարարին:

Հաւանական է, որ նշուած թաղամասերը դառնան Պաղեստինի ապագայ մայրաքաղաքը, մինչդեռ հին քաղաքն ամբողջութեամբ պիտի մնայ Իսրայէլի տիրապետութեան տակ:

Թերթը նշած է նաեւ, որ թէեւ շատ ամերիկացի պաշտօնեաներու կարծիքով, Թրամբ խաղաղութեան հաստատման ծրագիրն ամբողջութեամբ պիտի յայտարարէ 14 մայիսին ԱՄՆ դեսպանութիւնը Երուսաղէմ տեղափոխելէն անմիջապէս ետք, սակայն միւս կողմէ որիշներ պնդած են, որ Թրամբի կողմէ մշակուող խաղաղութեան նախագիծը տակաւին վերջնականապէս չէ աւարտած: