image

110 միլիառանոց չարագուշակ համաձայնագիր. Հրայր Եսայեան

110 միլիառանոց չարագուշակ համաձայնագիր. Հրայր Եսայեան

Շաբաթ, 20 Մայիս 2017-ին ԱՄՆ-ի նախագահ Տոնալտ Թրամփ Սէուտական Արաբիոյ մէջ մէկ կողմէն սէուտցիներու յատուկ՝ սուրերով աւանդական պարը կը պարէր ուահապի իր դաշնակիցներուն հետ, միւս կողմէն 110 միլիառ տոլարի արժողութեամբ զինամթերքի վաճառման համաձայնագիր կը կնքէր Սէուտական Արաբիոյ պետութեան հետ:

Երկու պետութիւններուն միջեւ բազմոլորտ ներդրումներու եւ առեւտուրի համընդհանուր գումարը կրնայ հասնիլ 350 միլիառ տոլարի՝ ըստ ԱՄՆ-ի արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսընի. սա աննախընթաց գումար մը կը կազմէ:

Արդ՝Սէուտական Արաբիոյ զինուած ուժերը միայն Եմէնի մէջ ուղղակի պատերազմ կը մղեն: Հետեւաբար՝ հարց կը ծագի, թէ ինչո՛ւ Սէուտական Արաբիան այսքան սպարազինութեան պէտք ունի: Որո՞ւ դէմ պիտի պայքարի վիթխարի այս զինամթերքով, ո՞վ են անոր թշնամիները, ո՞ւր է ռազմադաշտը:  

Տակաւին 2010-ին՝ Սուրիոյ պատերազմին բռնկումէն մէկ տարի առաջ, ԱՄՆ 60 միլիառ տոլարի արժողութեամբ զինամթերքի վաճառման համաձայնագիր կնքած էր Սէուտական Արաբիոյ հետ: Ի՛նչ զուգադիպութիւն. արաբական գարունը նոյնպէս 2010-ին թափ առաւ Թունուզէն:

ԱՄՆ միայն Սէուտական Արաբիոյ հետ չէ որ սպառազինման համաձայնագիր կնքած է տարածաշրջանէն ներս: Արդարեւ, Իրանի եւ դիմադրութեան առանցքի հակառակորդ ճամբարը հակակշռելու հովանաւորութեան ծիրէն ներս, նախանցեալ Սեպտեմբերին, Ամերիկայի նախկին նախագահ Պարաք Օպամա Իսրայէլի հետ 38 միլիառ տոլարի արժողութեամբ ռազմական օժանդակութեան համաձայնագիր կնքած էր յառաջիկայ տասը տարուան համար: Ահա՛ փաստ մը եւս սպառազինութեան մրցավազքին:  

Ինչ կը վերաբերի Միջին Արեւելքի հայութեան ապահովութեան, ապա Սէուտական Արաբիոյ եւ ԱՄՆ-ի միջեւ համաձայնագիրը առնուազն մտահոգիչ կարելի է նկատել:

Փաստօրէն 2010-ի համաձայնագիրին հետեւեցաւ Սուրիոյ աղետալի պատերազմը, ուր ընդդիմադիր ճակատին յետին կանգնած հիմնական դրդիչ եւ կազմապերպիչ պետութիւնները եղան Ծոցի երկիրներն ու Թուրքիան:Գաղտնիք մը չէ, որ Ծոցի երկիրներու առաջնորդ Սէուտական Արաբիան դրօշակիրն է ուահապականութեան, որու մակընթացութիւնը տարածաշրջանէն ներս թէ դուրս կը զուգակցի հաւատադրժողական ահաբեկչութեան: Ըստ էութեան՝ ինչքան բարձրանայ Սէուտական Արաբիոյ հեղինակութիւնը, այնքան կը զօրանան իսլամական ծայրայեղական ալիքները. անշուշտ, միշտ՝ Սէուտական Արաբիայէն դուրս:

Միջին Արեւելքի ժամանակակից պատերազմները սովորաբար միջնորդական ուժերով կը մղուին, ինչպէս որ է պարագանՍուրիոյ մէջ: Մեծ թէ փոքր զինեալ խմբաւորումներ՝ մեծաւ մասամբ սիւննի ծայրայեղականութիւնը դաւանող, կը զինուին ու կը ֆինանսաւորուին պետութիւններու կողմէ, որոնք յաճախ կը հերքեն որեւէ կապ ունենալ նշեալ խմբաւորումներուն հետ:

2010-էն առ այսօր տարածաշրջանի իրադարձութիւնները ապացուցած են, որ սպառազինութեան մրցավազքը պայմանաւորուած է աշխարհաքաղաքական վերիվայրումներով՝ ներքին պատերազմներով, միջ-պետական ռազմական ընդհարումներով, ապստամբութիւններով, խլրտումներով: 

Մինչ այդ, Թրամփի հետ սեղան նստելով,Սէուտական Արաբիան եւ Ծոցի առանցքը ընդհանրապէս կը հաւաստեն իրենց սեփական ապահովութիւնն ու անձեռնմխելիութիւնը`Սուրիոյ, Եմէնի եւ այլ արաբական երկիրներու մէջ արիւնահոսութիւնն ու անկայութիւնը շարունակելու հաշուոյն:

Թէ Լիբանան Սուրիոյ ճակատագրակից պիտի դառնա՛յ՝ կը մնայ նախատեսութիւններու ծիրին մէջ: Ամէն դիպաշար կարելի է քաղաքական այս տակնուվրայութեան մէջ:

Լիբանանի մէջ առ այժմ 3 միլիոնէն աւելի սիւննի իսլամ կ՛ապրի: Ասոնք մեծաւ մասամբ աղքատութեան սահմաններուն մէջ կը գտնուին եւ տկտկացող ռումբ կը համարուին որեւէ հաւանական իրարանցումի պարագային: Պաղեստինեան ճամբարները որեւէ պահու մէջ կրնան բռնկիլ. Այն էլ հըլուէի բախումները՝ վկայ: Ասկէ զատ՝ Սայտան, Արսէլը (ուր սուրիացիներու ճամբարները  եւ լեռնային մասերը Տահեշի եւ Նուսրայի հարիւրաւոր կամ հազարաւոր զինեալներ կը վխտան) եւ Թրիփոլին միշտ պատրաստ են պայթելու: Եթէ $110 միլիառէն բաժին կ՛իյնայ Լիբանանին, Ժապհաթ Նուսրաները պիտի սկսին աշխուժանալ Լիբանանի մէջ:

Առաւել, Սէուտական Արաբիան եւ ԱՄՆ վերջերս ահաբեկիչներու ցանկին վրայ աւելցուցած էին Սուրիոյ մէջ ալ վերջերս աշխոյժ Հըզպալլայի բարձրաստիճան պատասխանատու Հաշըմ Սաֆիըտտինը՝ Հասան Նասրալլայի զարմիկը, ինչ որ քաղաքական ճամբարներու միջեւ լարուածութիւնը յաւելեալ սրման կը տանի՝ բացառելով հաշտեցման հոլովոյթներու իրատեսականութիւնը:

Կը սպասուի, թէ Սէուտական Արաբիոյ մէջ արաբաիսլամկան-ամերիկեան գագաթաժողովին մէջԼիբանանի եւ Սուրիոյ նկատմամբ ի՛նչ յայտարարութիւն պիտի կատարուի, եւ թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ կեցուածքը Լիբանանի պատուիրակութեան, զոր կը գլխաւորէ վարչապետ Սաատ Հարիրին: 

Յամենայդէպս, սպառազինութեան այս համաձայնագիրին տարողութիւնը լաւատեսութիւն չի ներշնչեր, այլեւ ենթադրել կու տայ, որ տարածաշրջանի անկայունութիւնը երկար պիտի տեւէ՝ ի վնաս պատերազմի գօտիներու մէջ ինկած ժողովուրդներուն, ի շահ գեր տէրութիւններու ծաւալապաշտ նկրտումներուն:

 

Հրայր Եսայեան

Կիրակի 21 Մայիս 2017