Մարթին Ռիս, բրիտանացի ֆիզիկոս եւ տիեզերաբան, 2003-ին զգուշացուցած է, թէ ինչ որ որոշ տեղ մը կատարուած սխալ մը, պատճառ պիտի դառնայ աղէտի մը, եւ սպաննէ մէկ միլիոն մարդ: Եւ այդ աղէտը տեղի պիտի ունենայ 2020 թուականին: Այսպիսի պարզ ու յստակ յայտարարութիւն մը ըրած է Ռիս իր «Մեր վերջին ժամը» խորագրով գրքին մէջ, որ հրապարակ հանուած էր 2003 թուականին։
1942-ի ծնունդ Ռիսը հինգ տարի նախագահած է Բրիտանիոյ Թագաւորական Միութիւնը: Երեք տարի առաջ, իր դասախօսութիւններէն մէկուն ընթացքին, ան կրկին անդրադարձած է իր գուշակութիւններուն, ըսելով.- «Կը յուսամ որ սխալ եմ, բայց կենսաբանական արդիւնաբերութիւնը արագօրէն կը զարգանայ եւ SARS համաճարակին նման ուրիշ համաճարակ մը, նաեւ սխալ մը, որ պիտի պատահի տարածքի մը մէջ, աղէտի մը պատճառ պիտի դառնայ»:
Տիեզերական գիտաշխատող Հիշամ Թալէպ հիմնուելով Ռիսի կարծիքներուն վրայ, 2012-ին հրատարակած է «Կառուցել տիեզերքը եւ մարդու ճակատագիրը. տիեզերքի յառաջացման գիտական ապացոյցները. Աշխարհի վերջը կը սկսի՞ Եւրոպայէն» խորագիրով գիրք մը, ուր լուսարձակի տակ առած է կենսաբանական սխալներու՝ ըլլան անոնք դիտաւորեալ կամ պատահական, վտանգներն ու անոնց պատճառած վնասները:
Վերադառնալով Ռիսին, որ 2004-ին ստացած է Քեմպրիճի համալսարանի Trinity քոլեճէն մագիստրոսի աստիճան, այլ առիթով շեշտած է,- «Աշխարհը քանդող աղէտի մը հաւանականութիւնը, որ հարիւր տարի առաջ կը կազմէր 20 տոկոս, այսօր այդ հաւանականութիւնը բարձրացած է 50 տոկոսի (գիրքի հրատարակուած տարին՝ 2003), գիտութիւնը անկանխատեսելի կերպով կը զարգանայ, եւ աւելի վտանգաւոր կերպով քան երբեւէ»:
Ռիսը նախազգուշացուցած է, որ «Մարդկութեան համար ամէնէն վտանգաւոր սպառնալիքներէն են միջուկային ահաբեկչութիւնը, ծինային փոփոխութեան ենթարկուած մահացու ժահրերը, մարդակերտ գործիքներու վրիպումը եւ մարդոց բնութիւնը փոխող ծննդաբանութիւնը»: Ան նշած է, որ «Այս բոլորը տեղի պիտի ունենան կա՛մ «չարերու» ձեռամբ եւ կա՛մ մարդկային սխալի մը հետեւանքով, բայց եւ այնպէս 2020-ը պիտի ըլլայ կենսաբանական սխալի տարին, որ պիտի սպաննէ մէկ միլիոն մարդ»:
Ապա Ռիս զարմացնելով, շարունակած է, թէ «Ինչ կը վերաբերի մահացու ժահրեր եւ մանրէներ ստեղծելուն, անոնք տրամադրելի պիտի ըլլան բազմաթիւ մարդոց, հետեւաբար պիտի օգտագործուին սխալ ձեւերով: Այդ իսկ պատճառով Արեւմուտքն ու Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները նկատեցին, որ մէ՛կ մարդ կրնայ համաշխարհային աղէտ մը յառաջացնել»:
Ռիս աւելցուցած է, որ «Այդ վտանգը շատցաւ 2001-ի 11 Սեպտեմբերի դէպքերէն ետք, ինչպէս նաեւ սիպիրախտի (Anthrax) պատճառած խուճապէն, որ ցնցեց աշխարհը, նաեւ SARS-էն, թռչուններու վարակէն (թռչնակրիփ), եւ կենսաբանական տարրաբանութենէն յառաջացած տարբեր մահացու հիւանդութիւններէն ետք»:
Աղբիւրը՝ alhadeel.net
Թարգմանեց՝ Թ. Գ.