image

Զուրաբեան կը պնդէ, որ Փաշինեանին ներկայացուցած են խաղաղ կարգաւորման ծրագիր, բայց վերջինս մերժած է զայն

Զուրաբեան կը պնդէ, որ Փաշինեանին  ներկայացուցած են խաղաղ կարգաւորման ծրագիր, բայց   վերջինս  մերժած է  զայն

Կը պնդեմ՝ փաստաթուղթերու հրապարակումները կ՚ապացուցեն, որ Փաշինեանը 2019 թուականի ապրիլին եւ յունիսին ստացած է կարգաւորման ծրագիր, որով կը հաստատէր խաղաղութիւն, ապաշրջափակում, միջազգային խաղարար ուժերու տեղաբաշխում Արցախի ամբողջ պարագծով, նաեւ այն 5 շրջանին մէջ, ուրկէ հայկական ուժերը դուրս պիտի գային, եւ մենք կը ստանայինք խաղաղութիւն՝ պահպանելով ամբողջ Արցախը, Քելբաջարն ու Լաչինը: Այս մասին ասուլիսի ժամանակ ըսած է «Հայ ազգային կոնգրես» կուսակցութեան փոխնախագահ Լեւոն Զուրաբեանը:

«Բայց նա մերժել է այս պլանն ու ընդհանրապէս բանակցութիւնները: Այդ մերժումով մարտահրաւէր է նետել ոչ միայն Ադրբեջանին, այլ նաեւ ամբողջ միջազգային հանրութեանը, առաջին հերթին Մինսկի խմբի համանախագահ երկրներին՝ ԱՄՆ-ին, Ֆրանսային եւ Ռուսաստանին»,-նշած է ան: