image

Զօհրապ Եագուպեանը տողերու մէջ...(Լուսանկարներ)

 Զօհրապ Եագուպեանը  տողերու մէջ...(Լուսանկարներ)

Լիբանանահայ թատերական գործիչ, բեմադրիչ՝ Յարութ Գնդունի կը գրէ՝ 

 

Ոչ եւս է

ԶՕՀՐԱՊ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆը (1949 - 2023)

 

 

 

 

Լոս Անճելոսի մէջ, իր մահկանացուն կնքած է, լիբանանահայ բեմադրիչ և դերասան ԶՕՀՐԱՊ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆը։

ԶՕՀՐԱՊ, Լիբանանի մէջ, բեմ հանած է մօտ 50 թատերախաղեր՝ հայերէն և արաբերէն լեզուներով։

«ԱԶԴԱԿ»ի 18 նոյբ. 2013-ի թիւին մէջ, կը կարդանք՝ «Տաղանդաւոր դերասան-բեմադրիչ Զօհրապ Եագուպեան, 70-ականներէն մինչեւ 90-ական թուականներուն աւարտը, մնայուն ներկայութիւն մը ունեցաւ բեմերուն վրայ։ Ան բեմադրեց մեր դասական թատրերգութիւններէն մինչեւ երգիծական թատերախաղեր՝ արժանանալով թատերասէրներու գնահատանքին ջերմ ծափերուն» ։

1998-ին, ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ, իր «Պուրտ Համուտէն Կու Գամ» հատորին մէջ, Զօհրապի մասին կու տայ հետեւեալ կարծիքը ՝ «Զօհրապ Եագուպեան, իր բոլոր կարողութիւնները և կարելիութիւնները ի սպաս դրաւ լիբանանահայ թատրոնի ծաղկումին։ Պատերազմի օրերուն, երբ նոսրացաւ թատերական հրապարակը, շատեր ակամայ հեռացան կամ քաշուեցան աշխատանքէ։ Զ. Եագուպեանը սակայն մնաց բեմին վրայ»։

Զօհրապի բեմադրութիւններէն կրնանք յիշել՝

1974-ին «Ձեր Կեանքի Ժամանակը»,

1976-ին «Վահագնը»,

1977-ին «Պէպէքս»,

1978-ին «Պուրճ Համուտ 78»

1980 «Միալար Երաժշտութիւն»

1995-ին «Փառքի Վաշխառուները» եւ այլ գործեր։

1969-ին, Զօհրապ Եագուպեանը և Սիմոն Մնակեանը, կը հիմնեն «ՆՈՐ ԹԱՏՐՈՆ» թատերախումբը և կը բեմադրեն՝

«Արա Գեղեցիկ», «Շողոքորթը», «Մըթրին Երգը», «Գիքորը», եւ այլ գործեր։

1983-ին, Պուրճ Համուտի Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» թատերախումբով, Զօհրապ կը բեմադրէ «Աստուածային Կատակերգութիւն» ը։

Կը հիմնէ «Մեղուներու Խումբ» ը, և բեմ կը հանէ տասնեակ մը թատերախաղեր, զաւեշտներ, երգախառն թատերախաղեր։

Զօհրապ կատարած է նաեւ արաբերէն լեզուով բեմադրութիւններ՝ լիբանանցի յայտնի դերասան Անթուան Քըրպաժի, Մոնիր Քըսրուանիի և այլ դերասն-դերասանուհիներու հետ։

Յիշենք նայեւ որ Զօհրապ ունեցաւ շարք մը բեմընկերներ, որոնք տարիներու ընթացքին, մաս կազմեցին իր բեմադրութիւններուն, ինչպէս՝ Սիմոն Մնակեան, Փիէր Շամմասեան, Հրայր Սաղրեան, Սահակ Թորիկեան, Մանուէլ Մարգարեան, Գէորգ Նալպանտեան, Սեդա Պօյաճեան, Մեխակ Եագուպեան, Վաչէ Բրուտեան (վարչական պատասխանատու) , Խաչիկ Խորոզեան, Վահէ Պէրպէրեան, Արա Մածունեան, Ռազմիկ Շիրինեան, Հրաչ Պոյաճեան, Զօհրապ Նալպանտեան, չմոռնանք նաև Պետիկ Չիֆթելեանը, որ միշտ գործակցած է Զօհրապին հետ։

 

 

Աստուած հոգիդ լուսաւորէ ԶՕՀՐԱՊ՝ քեզ պիտի յիշէ լիբանանահայ թատրոնի պատմութիւնը։

Բեմընկերդ՝

ՅԱՐՈՒԹ ԳՆԴՈՒՆԻ