Արցախի նախագահի հրամանագրով 7 յունուարին Արցախի Հանրապետութեան անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար նշանակուած է Արարատ Մելքումեանը` փոխարինելով պատերազմէն յետոյ այդ պաշտօնը զբաղցնող Վիթալի Բալասանեանը:
Յիշեցնենք, որ Վիթալի Բալասանեան ԱՀ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի պաշտօնին նշանակուած էր 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ` 2020-ի 2 դեկտեմբերին:
Ստորեւ նորանշանակ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի կենսագրութիւնը:
Արարատ Մելքումեան ծնած է 1 փետրուար, 1973-ին Մարտունիի շրջանի Կարմիր Շուկա գիւղը։ Ընտանիքը բաղկացած եղած է վեց երեխայէ։ Դպրոցն աւարտելէն յետոյ ընդունուած է Մոսկուայի իրաւաբանական ինստիտուտի հեռակայ բաժինը։ 1991 թուականին զօրակոչուած է Խորհրդային բանակ։ Մէկ տարի ետք վերադարձած է Մարտունի քաղաք եւ ընդգրկուած Կարմիր Շուկայի ինքնապաշտպանական ջոկատին մէջ։ Անոր հրամանատարներն եղած են Մոնթէ Մելքոնեանն ու Մովսէս Յակոբեանը։
Եղած է վաշտի հրամանատար, 1994 թուականին պարգեւատրուած է Արցախի «Մարտական խաչ» 2-րդ աստիճանի շքանշանով։
Հետագային ուսումը շարունակած է Մոսկուայի համազօրային ակադեմիան, որմէ յետոյ աշխատանքի անցած է Արցախի պաշտպանութեան բանակի խոշոր զօրամիաւորումներէն մէկուն մէջ։
Եղած է Արցախի N զօրամասի հրամանատար։
2016 թուականին իր ջոկատի հետ մասնակցած է Քառօրեայ պատերազմին եւ պարգեւատրուած Հայաստանի «Մարտական խաչ» 1-ին աստիճանի շքանշանով։
2018 թուականի փետրուարին նշանակուած է ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան 1-ին զօրամիաւորման հրամանատար։
2019 թուականի յուլիսէն Մարտունիի շրջանի վարչակազմի ղեկավարն է։
2020 թուականի Հայ-ատրպէյճանական պատերազմին, Արցախի Հանրապետութեան մատուցած բացառիկ ծառայութիւններուն համար Արցախի հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի կողմէ Արարատ Միքայէլի Մելքումեանին շնորհուած է «Արցախի հերոս» բարձրագոյն կոչում։