Պաքուի մէջ հանդիպած են Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարները: Բացի երկկողմ յարաբերութիւններէն Ճէյհուն Պայրամով եւ Մաքա Պոչորիշվիլին անդարադարձած են տարածաշրջանային զարգացումներուն:
Պոչորիշվիլին յայտարարած է, որ Թիֆլիսը միշտ հանդէս եկած է Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան օգտին եւ պատրաստ է աջակցութիւն տրամադրելու այդ հարցով։
«Այդ չափազանց կարեւոր է, քանի որ միայն խաղաղութեան պայմաններուն մէջ հնարաւոր է տարածաշրջանային հզօր տնտեսութիւն կառուցել», -աւելցուցած է դիւանագէտը։
Պայրամովը, խօսելով Հայաստան-Ատրպէյճան կարգաւորման գործընթացի մասին, հերթական անգամ մեղադրած է Հայաստանը Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնն իբր չյարգելու եւ վրէժխնդրութեան համար: Ան պնդած է, որ Հայաստանի սահմանադրութիւնը պէտք է փոխուի: Միաժամանակ ատրպէյճանցի դիւանագէտը նշած է, որ խաղաղութեան ուղղութեամբ զգալի առաջընթաց գրանցուած է, սահմանազատման հարցով դրական ձեռքբերումներ կան:
Պայրամովն անդրադարձած է Պաքու-Ուաշինկթըն յարաբերութիւններուն: Ան բողոքած է, որ Միացեալ Նահանգներն ընդունած է Պաքուին ռազմական աջակցութիւնն արգիլող 907-րդ արձանագրութիւնը՝ անոր ձեւակերպմամբ՝ այդպիսով պատժելով Ատրպէյճանը Լեռնային Ղարաբաղի դէմ գործողութիւններու համար:
Պայրամով նաեւ յայտարարած է, որ ժամանակն է դադրեցնելու Ատրպէյճանի մէջ USAID-ի գործունէութիւնը, քանի որ, ըստ նախարարի, այն հաշուի չառներ Ատրպէյճանի շահերը: