Ուքրանիոյ նախագահին գրասենեակի ղեկավարի տեղակալ Անտրէյ Սիպիկան կը նշէ, որ նախագահ Զելենսքին պատրաստ է ուղիղ բանակցութիւններու Ռուսաստանի նախագահ Փութինի հետ:
Այդ մասին ան ըսած է հեռուստամարաթօնի ժամանակ:
«Մենք կողմ ենք պատերազմի աւարտին եւ խաղաղ բանակցութիւններուն: Եւ Ուքրանիոյ նախագահը պատրաստ է Փութինի հետ ուղիղ բանակցութիւններու. ան չի վախնար օրակարգի որեւէ կէտի մասին խօսելէ: Ի հարկէ, առանց վերջնագրերու եւ հաստատակամօրէն», ընդգծած է Սիպիկան: