image
Հրատապ լուրեր:

«Զելենսքին կը պատերազմի իր իսկ երկրին դէմ».Զախարովա

«Զելենսքին կը պատերազմի  իր իսկ երկրին դէմ».Զախարովա

Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին կը պատերազմի Ուքրանիոյ ժողովուրդի դէմ։ Այս մասին Sputnik ձայնասփիւռի եթերին ըսած է ՌԴ ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան։

Դիւանագէտն այս կերպ մեկնաբանած է Ուքրանիոյ զինուած ուժերի կողմէ Տոնպասի, ինչպէս նաեւ Խերսոնի եւ Զապորոժիէի մարզերու խաղաղ բնակիչներու գնդակոծութիւնները։

«Սա պատերազմ չէ թշնամիի դէմ, պայքար չէ Ռուսաստանի դէմ, այլ կռիւ է սեփական երկրի հետ։ Եթէ մինչ այս Քիեւի ռեժիմը քաղաքականապէս կ'ոչնչացնէր Ուքրանիան, ֆիզիքապէս կ'ոչնչացնէին Տոնպասի ժողովուրդը, ապա այսօր մարդոց ոչնչացումը տեղի կ'ունենայ Ուքրանիոյ ամբողջ տարածքին», - ըսած է Զախարովան՝ շեշտելով, որ Վլատիմիր Զելենսքին կը գործէ այն ուժերու շահերէն, որոնք ոչ մէկ կապ ունին Ուքրանիոյ հետ։