Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին շաբաթ օր չյայտարարուած այցելութեամբ հասած է Իսթանպուլ, ուր նախատեսուած է քննարկել Ուքրանիոյ մէջ հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ բանակցային գործընթացը։
«Իսթանպուլի մէջ կայանալիք հանդիպումներուն ընթացքին նախատեսուած է քննարկել Ուքրանիոյ հետ երկկողմ օրակարգի հարցերը եւ տարածաշրջանային զարգացումները, ինչպէս նաեւ զինադադարի հաստատման եւ տեւական կարգաւորման հասնելու ուղղուած ջանքերը»,– գրած է Թուրքիոյ նախագահի աշխատակազմի հանրային կապերու վարչութեան պետ Պուրհանեթտին Տուրանը։
Յիշեցնենք, որ ուրբաթ օր թրքական կողմի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած էր հեռաձայնային զրոյց մը Թուրքիոյ նախագահի եւ Ռուսիոյ առաջնորդ Վլատիմիր Փութինի միջեւ։ Կողմերը քննարկած էին Ուքրանիոյ շուրջ բանակցային գործընթացը։