image

Զելենսքիի մասին Թրամփի խօսքերը «սխալ են եւ վտանգաւոր». Շոլց

Զելենսքիի մասին Թրամփի խօսքերը «սխալ են եւ վտանգաւոր». Շոլց

Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցը կտրականապէս հերքած է ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի այն պնդումը, թէ Ուքրանիոյ առաջնորդ Վլատիմիր Զելենսքին բռնապետ է։ «Ըսել, որ նախագահ Զելենսքին չունի ժողովրդավարական օրինականութիւն, պարզապէս սխալ է եւ վտանգաւոր»,-ըսած է Շոլցը Der Spiegel շաբաթաթերթի հետ հարցազրոյցին։

«Վլատիմիր Զելենսքին ուքրանական պետութեան օրինական ընտրուած ղեկավարն է։ Այն, որ պատերազմի պայմաններուն մէջ հնարաւոր չէ պատշաճ ընտրութիւններ կայացնել, կը համապատասխանէ Ուքրանիոյ Սահմանադրութեան դրոյթներուն եւ ընտրական օրէնքներուն։ Եւ ոչ ոք իրաւունք ունի հակառակն ըսելու»,- ընդգծած է Գերմանիոյ կառավարութեան ղեկավարը։

«Ուքրանիան արդէն գրեթէ երեք տարի ամէն օր կը պաշտպանուի ռուսական դաժան յարձակումէն»,-աւելցուցած է Շոլցը։

Զելենսքիի մասին Թրամփի խօսքերը քննադատած են նաեւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Անալենա Պերպոքը եւ տնտեսութեան դաշնային նախարարութեան ղեկավար, փոխվարչապետ Ռոպերթ Հապեքը։

Մեծ Բրիտանիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըրն ալ Ուքրանիոյ նախագահի հետ հեռախօսազրոյցին ըսած է, որ իրաւաչափ կը համարէ զինուած հակամարտութեան պայմաններուն մէջ նախագահի ընտրութիւն կայացնելէ հրաժարիլը։

Որպէս օրինակ ան նշած է, որ այդպէս վարուած է Մեծ Բրիտանիան Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ժամանակ։