Այսօր Ուքրանիոյ նախագահ Վալտիմիր Զելենսքին պիտի այցելէ Ուաշինկթըն, ուր հանդիպում պիտի ունենայ ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի հետ. այս հանդիպման ժամանակ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարը պիտի յայտարարէ Քիեւին Patriot հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու տրամադրման մասին:
Այս մասին գրած է Axios-ը՝ վկայակոչելով Պայտընի վարչակազմի բարձրաստիճան պաշտօնեան:
Թէեւ ԱՄՆ-ն եւ անոր դաշնակիցները, ներառեալ Ֆրանսան եւ Գերմանիան, վերջին շաբաթներուն Ուքրանիոյ տրամադրած են հակահրթիռային պաշտպանութեան տարբեր համակարգեր, Patriot համակարգը պիտի ըլլայ ամենաառաջադէմը, որ պիտի ուղարկուի Ուքրանիա՝ պատերազմի սկիզբէն ի վեր:
Զելենսքիի այցը Ուաշինկթըն պիտի ըլլայ անոր առաջին այցը արտասահման՝ երկրին մէջ պատերազմ սկսելէն ի վեր: Ան պիտի հանդիպի Պայտընի հետ, մամլոյ ասուլիս պիտի կայանայ, այնուհետեւ ելոյթ պիտի ունենայ Քոնկրէսի համատեղ նիստին, եւ այդ ամէնը՝ «մի քանի ժամուան ընթացքին»: