image
Հրատապ լուրեր:

Զախարովայէն Պաքուի մէջ կառուցուած «Աւարի այգի»ի մասին մեկնաբանութիւն

Զախարովայէն Պաքուի մէջ կառուցուած «Աւարի այգի»ի մասին մեկնաբանութիւն

Ռուսաստանը յոյս ունի, որ Պաքուն եւ Երեւանը պիտի ձգտին հասնիլ յարաբերութիւններու կարգաւորման, այլ ոչ թէ տարաձայնութիւններու ստեղծման: Այս մասին յայտարարած է ՌԴ ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան՝ մեկնաբանելով Պաքուի մէջ այսպէս կոչուած «աւարի այգի» բացումը:

«Ինչ կը վերաբերի այգիին, ապա մենք յոյսով ենք, որ Պաքուն եւ Երեւանը կը ձգտեն հասնիլ յարաբերութիւններու կարգաւորման, այլ ոչ թէ տարաձայնութիւններու ստեղծման…Նման գին վճարուած է…Ահռելի գին, մարդոց կեանքեր…Պէտք է օգտուիլ խաղաղ պահէն, այլ ոչ թէ այս պահն օգտագործել իրավիճակը սրելու համար…Այո, այդ դժուար է՝ յատկապէս զինուած հակամարտութենէն ետք: Շատ դժուար է այն յաղթահարել, նաեւ՝ հոգեպէս: Այս պահուն կը կարեւորենք երկու կողմերու միջեւ վստահութեան ամրապնդումը, դրական տնտեսական օրակարգի ձեւաւորումը, որ ունակ է ապահովելու հեռանկարները Անդրկովկասի կայուն զարգացման համար»,-ըսած է Զախարովան:

Պատասխանելով այն հարցին, որ Պաքուն կը հրաժարի վերադարձնել հայ ռազմագերիները՝ խախտելով 3 նոյեմբեր 2020-ի պայմանաւորուածութիւնը, Զախարովան նշած է, որ Ռուսաստանը աշխոյժ միջնորդական ջանքեր կը գործադրէ՝ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ տարաձայնութիւնները հարթելու համար: Անոր խօսքով՝ Ռուսաստանը կողմ է «բոլորը բոլորի դիմաց» ձեւաչափով խնդիրներու լուծման: