Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը մարտ 31-ին յայտարարութիւն տարածած էր՝ կեղծ մեղադրանքներ ներկայացնելով, թէ իբր «1918 թուականին հայկական խմբաւորումները ցեղասպանութիւն իրականացուցած են ատրպէյճանցիներու նկատմամբ»։
«Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցին Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան արձագանգած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի խօսնակ Անի Բադալեանը։
«Տասնամեակների պատմութիւն ունեցած հակամարտութեան ընթացքում ձեւաւորուել են մի շարք թշնամական, ոչ հաւաստի նարատիւներ, որոնք, ցաւալիօրէն, Ադրբեջանում դեռ շարունակւում են օգտագործուել նաեւ պետական մակարդակով»,- «Արմէնփրէս»-ին ըսած է Հայաստանի ԱԳՆ խօսնակ Անի Բադալեանը, աւելցնելով,-«Յուսով ենք, որ Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ հաստատուած խաղաղութիւնը ոչ միայն կը ծառայի երկու պետութիւնների եւ հասարակութիւնների միջեւ կայուն խաղաղ համակեցութեան եւ բարիդրացիական յարաբերութիւնների ձեւաւորմանը, այլեւ վերջ կը դնի մտացածին թեզերի գոյութեանն ու կը բացառի ատելութեան խօսքը»:
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներն այս մասին նաեւ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած են Ուաշինկթընի մէջ, ուր 8 օգոստոս 2025-ին ստորագրուած հռչակագրի 5-րդ կէտին մէջ յստակ կը խօսուի երկու ժողովուրդներու միջեւ թշնամանքի էջը փակելու եւ մարդկային անասելի տառապանքներ պատճառած հակամարտութիւններէն ետք երկու ժողովուրդներու համար բարիդրացիական յարաբերութիւններ սկսելու հնարաւորութեան մասին: