Մենք վատ կը վերաբերինք որեւէ ապակառուցողական քարոզչութեան, ըլլայ այդ ԶԼՄ-ներու մէջ, թէ քաղաքական բնոյթի։ Կարեւոր չէ, թէ այդ ինչին կը վերաբերի։ Ռուսիոյ ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան այսպէս մեկնաբանած է Արցախի մէջ ռուս խաղաղապահներու հասցէին Ատրպէյճանի կողմէ քննադատութիւնն ու յարձակումները։
«Ինչ կը վերաբերի ռուս խաղաղապահներու դերին (Ղարաբաղի մէջ) եւ անոնց գործունէութեան գնահատականին, երեք երկիրներու ղեկավարները Սոչիի մէջ կայացած գագաթաժողովին նշած են ռուսական զօրախումբի առանցքային ներդրումը տեղակայման գօտիին վրայ անվտանգութեան ապահովման գործին եւ ընդգծած տարածաշրջանին մէջ իրավիճակը կայունացնելու ջանքերու անհրաժեշտութիւնը, որ արձանագրուած է համատեղ յայտարարութեան մէջ։ Ինչ կը վերաբերի կեղտին, որ յայտնուած է ատոր (խաղաղապահներու) շուրջ, ապա ամէն դրական, կառուցողական ու ստեղծագործ նախաձեռնութիւն միշտ բացասական ալիք կ'առաջացնէ։ Սա, ցաւօք, մեր աշխարհի օրէնքն է»,-ըսած է ան: