Ռուսաստանը կ'աջակցի «3+3» տարածաշրջանային խորհրդատուական մեխանիզմի ստեղծման եւ կը կարծէ, որ եկած է ժամանակը անոր գործարկման ծրագրերը գործնական ուղիի վրայ դնելու։ Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան։
«Ըստ մեզի, «3+3» ձեւաչափը կը համապատասխանէ տարածաշրջանի բոլոր երկիրներու շահերուն», ըսաւ ան։
Մեկնաբանելով Վրաստանի դիրքորոշումը՝ Զախարովա նշած է, որ Թիֆլիսի մէջ հակասական յայտարարութիւններ կը հնչեն այս հարթակին մասնակցութեան վերաբերեալ. «Վրաստանը, որպէս ինքնիշխան պետութիւն, իրավունք ունի հաւատարիմ մնալու իր դիրքորոշման այս հարցով»։
Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի նախաձեռնած «3+3» ձեւաչափը կ'ենթադրէ Հարաւային Կովկասի երկիրներու եւ անոնց հարեւաններու՝ Ատրպէյճանի, Վրաստանի, Հայաստանի, Ռուսաստանի, Իրանի եւ Թուրքիոյ մասնակցութիւնը։