Մեծ Բրիտանիան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները կանգնած են Ուքրանիոյ զինուած ուժերու կողմէ Բելգորոդի հրետակոծութեան ետեւը, որ խլեց 14 մարդու կեանք:
ՌԻԱ Նովոսթիին ըսած է Արտաքին Գործոց Նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա։
«Ահաբեկչութեան ետեւը կանգնած է Բրիտանիան, որ, համաձայնելով ԱՄՆ-ի հետ, կը դրդէ Քիեւի ռեժիմը ահաբեկչական գործողութիւններու՝ գիտակցելով, որ Ուքրանիոյ զինուած ուժերու հակայարձակումը ձախողած է»,-ըսած է ան։
Ինչպէս նշած է Զախարովա, Քիեւ վերջերս խոստովանած է, որ Լոնտոն արգիլած է, որ իրենք բանակցին Մոսկուայի հետ՝ խաղադրոյք կատարելով «ռազմի դաշտի յաղթանակին վրայ»։
Այնուամենայնիւ, հաշուի առնելով Ուքրանիոյ զինուած ուժերուն համար «տեղւոյն» ստեղծուած ծանր իրավիճակը եւ այն շտկելու հնարաւորութեան բացակայութեան պայմաններուն, Մեծ Բրիտանիան անցաւ խաղաղ բնակչութեան դէմ ահաբեկչական յարձակումներ կազմակերպելու մարտավարութեան։