image

Զախարովա արձագանգած է Էրտողանի «Խաղաղապահները 2025-ին պէտք է հեռանան» արտայայտութեան

Զախարովա արձագանգած է Էրտողանի «Խաղաղապահները 2025-ին պէտք է հեռանան» արտայայտութեան

Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան ճեպազրոյցին արձագանգած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի յայտարարութեանն առ այն, որ 2025-ին ռուս խաղաղապահները պէտք է հեռանան Արցախէն եւ որ այդ նախատեսուած է Մոսուա-Երեւան-Պաքու եռակողմ փաստաթուղթով:

«Յիշեցնեմ, որ Անգարան Ռուսիոյ Դաշնութեան, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու՝ 2020 թուականի 9 նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան կողմ չէ: Այս փաստաթուղթի հիման վրայ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին մէջ տեղակայուած է ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը: Այդ փաստաթուղթին մէջ յստակ ներկայացուած են զօրակազմի տեղակայման ժամկէտները, ինչպէս նաեւ հնարաւոր հնգամեայ ժամկէտով երկարաձգման յարաչափերը: Յիշեցնեմ, որ Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահները կը շարունակեն կաեւոր կայունացնող դեր ունենալ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Հիմնական գործառոյթը կրակի, ռազմական գործողութիւններու դադրեցման ռեժիմի պահպանումն է՝ հաշուի առնելով տարածաշրջանին մէջ պահպանուող լարուած իրավիճակը», -ըսած է Զախարովան:

Ան աւելցուցած է, որ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հաստատումը կը համապատասխանէ ոչ միայն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի, այլեւ Թուրքիոյ շահերուն:

Ան նաեւ յիշատակած է Արցախի բռնագրաւուած Ակնայի շրջանին մէջ ռուս-թրքական համատեղ դիտորդական կեդրոնի համակարգուած աշխատանքը:

Յիշեցնենք, որ Էրտողան յայտարարած է, թէ 2025 թուականին ռուս խաղաղապահները պէտք է հեռանան «Ատրպէյճանի Ղարաբաղի շրջանէն»: