image

ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի ուժերը հարուածած են Նաթանզի միջուկային կառոյցը

ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի ուժերը հարուածած են Նաթանզի միջուկային կառոյցը

Իրանի Նաթանզի միջուկային կառոյցը հարուած ստացած է Իսլամական Հանրապետութեան դէմ Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի ռազմական գործողութիւններու ընթացքին։ Ինչպէս կը հաղորդէ Reuters-ը, այս մասին մարտ 2-ին Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան խորհուրդի նիստին յայտարարած է ՄԱԿ-ի միջուկային վերահսկողութեան մարմիններուն մօտ Իրանի դեսպան Ռեզա Նաճաֆին։

«Անոնք երէկ դարձեալ յարձակած են Իրանի խաղաղ, պաշտպանուած միջուկային կառոյցներուն վրայ», լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է ան՝ աւելցնելով, որ անոնց այն արդարացումը, որ Իրան կ՚ուզէ մշակել միջուկային զէնք, պարզապէս մեծ սուտ մըն է։

Reuters-ի հարցին, թէ ո՛ր կառոյցները հարուածի ենթարկուած են, ան պատասխանած է. «Նաթանզ»։