image

Աթէնք. Առաջնորդ Սրբազանը ներկայ եղած է Հայոց Բանակին նուիրուած հանդիսութեան

Աթէնք. Առաջնորդ Սրբազանը ներկայ եղած է Հայոց Բանակին նուիրուած հանդիսութեան

Օրերս Յունահայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խորէն եպս. Առաքելեան մասնակցած է Հայոց Բանակի հիմնադրութեան առթիւ տեղի ունեցած հանգամանաւոր հանդիսութեան։

Հայոց բանակի կազմութեան 34-րդ տարեդարձը առիթ հանդիսացաւ, որպէսզի վերահաստատուի մեր զինուած ուժերուն հանդէպ յարգանքն ու երախտագիտութիւնը, նաեւ ընդգծուի անոր անփոխարինելի դերը մեր պետականութեան ամրապնդման մէջ։ Այս առիթով կազմակերպուած հանդիսաւոր ընդունելութիւնը դարձաւ հայրենասիրական զգացումներով լեցուն հանդիպում մը, ուր շեշտուեցաւ դարձաւ ազգային արժանապատուութեան եւ ծառայութեան ոգիին կարեւորութիւնը։

Ստորեւ հանդիսութեան մասին Առաջնորդ Սրբազան հօր գրառումը՝ 

Յունաստանի մէջ , Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Տիգրան Մկրտչեանի եւ ռազմական կցորդ գնդապետ Արմէն Միրզաբէկեանի հրաւէրով մասնակցեցայ Հայոց բանակի կազմաւորման 34-րդ տարեդարձին առիթով կազմակերպուած հանդիսաւոր ընդունելութեան։

Միջոցառման ներկայ էին օտար դիւանագէտներ, ռազմական կցորդներ եւ տարբեր երկիրներու ներկայացուցիչներ։ Ուրախութեամբ հանդիպեցայ նաեւ Էվելպիդոն ռազմական ակադեմիոյ մէջ ուսանող հայ կուրսանտներուն։ Անոնց հետ ունեցայ ջերմ եւ հայրական զրոյց մը՝ կարեւորելով հաւատքի, կարգապահութեան եւ ազգային արժանապատուութեան դերը զինուորական ծառայութեան մէջ։ Քաջալերեցի զանոնք արժանապատուօրէն կրել հայ սպայի պատիւը եւ հաւատարմութեամբ ծառայել հայրենիքին։

Առիթը անգամ մը եւս յիշեցուց, թէ Հայոց բանակը մեր պետականութեան հենասիւններէն մէկն է, իսկ անոր զօրութիւնը կը բխի ոչ միայն ռազմական կարողութենէն, այլ նաեւ հոգեւոր ամրութենէն ու ազգային միասնականութենէն։

Աստուած օրհնէ Հայոց բանակը եւ պահապան ըլլայ մեր զինուորներուն։