image

Թրամփ. Պատերազմը կրնայ տեւել մինչեւ 1 ամիս

Թրամփ. Պատերազմը կրնայ տեւել մինչեւ  1 ամիս

 

ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ կիրակի օր յայտարարած է, որ Իրանի մէջ ռազմական գործողութիւնները կրնան շարունակուիլ մինչեւ չորս շաբաթ։ Այս մասին կը փոխանցէ interfax.ru-ն։

«Մենք կ՚ենթադրէինք, որ ասիկա պիտի տեւէր չորս շաբաթ կամ նման բան մը։ Միշտ ալ կ՚ենթադրուէր, որ չորս շաբաթ տեւող գործընթաց է, ուստի պիտի տեւէ չորս շաբաթ կամ աւելի պակաս», ըսած է ամերիկացի առաջնորդը The Daily Mail-ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին։

Ան նշած է, որ գործողութիւնը կ՚ընթանայ ըստ ծրագիրին։

Միեւնոյն ժամանակ աւելցուցած է․ «մենք յաջողեցանք չէզոքացնել Իրանի ղեկավարութեան շատ աւելի անդամներ, քան կը կարծէինք՝ 48 անձ»։

Հարցին, թէ արդեօք պատրաստ է Իրանի հետ բանակցութիւններ վարելու եւ ե՛րբ կրնան անոնք տեղի ունենալ, Թրամփ պատասխանած է, թէ չի գիտեր։

«Անոնք կ՚ուզեն բանակցիլ, բայց ես անոնց ըսի, որ պէտք էր անցեալ շաբաթ բանակցէին, ոչ թէ այս շաբաթ», ըսած է Սպիտակ տան ղեկավարը։