image

ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմ. Նախագահութեամբ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ արք. Խաչերեանի տեղի ունեցած է առաջին Արեւագալի արարողութիւնը

ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմ. Նախագահութեամբ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ  արք. Խաչերեանի տեղի ունեցած է առաջին Արեւագալի արարողութիւնը

Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ, օրերս, հանդիսապետութեանբ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեանի, տեղի ունեցած է Մեծ Պահոց Արեւագալի առաջին արարողութիւնը։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի պաշտօնական էջէն։

Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը՝

Չորեքշաբթի, 18 Փետրուար 2026-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ հանդիսապետեց Մեծ Պահոց Արեւագալի առաջին արարողութեան, ապա քարոզեց՝ եկեղեցին լեցուցած հանրութեան ուղղելով աւուր պատշաճի պատգամ՝ ըսելով. «Մեծ պահոց շրջանը ամէնէն կարեւորն է քրիստոնէական կեանքի մէջ, որովհետեւ քառասունօրեայ խորհրդածութեան կը հրաւիրէ մարդ արարածը՝ կեդրոնանալու իր կեանքին ու ապրելու իմաստին վրայ, որպէսզի մաքրամաքուր հոգիով հաղորդուի Յարութեան մեծ տօնին հետ, զոր բոլորս պիտի դիմաւորենք իբրեւ յաղթանակ մահուան վրայ, այնպէս, ինչպէս Յիսուս Քրիստոս իր երկրային կեանքով թելադրեց մեզի»:

Արարողութեան ներկայ եղան շրջանի հաւատացեալ ժողովուրդը եւ Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի 12-րդ կարգի աշակերտները: 

Յետ արարողութեան, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, եկեղեցւոյ համալիրին մէջ նախագահեց ՀՕՄ-ի Անահիտ մասնաճիւղի կազմակերպած աւանդական Մեծ Պահոց ճաշկերոյթին եւ եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեանի ընկերակցութեամբ օրհնեց սեղաններն ու սեղանակիցները, ապա արտասանեց իր սրտին խօսքը եւ գնահատեց ՀՕՄ-ի նուիրեալ հայուհիներն ու Միութեան բազմաշերտ գործունէութիւնը հայ ազգի ու հայրենիքի կեանքին մէջ: