Այս օրերուն Ռատիօ Վատիկանի հայկական բաժանմունք այցելեց ու մեր հետ զրուցեց Գերապ. Վարդան Թ. Ծ. Վ. Գազանճեանը, Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէ Թեմին Պատրիարքական կառավարիչը, որ Հռոմ կը գտնուի թուրքիայէն ժամանած խումբ մը երիտասարդներուն հետ միասին, որոնք մաս կը կազմեն թուրքիոյ քրիստոնեայ փոքրամաս համայնքներուն եւ որոնք իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Յոյսին նուիրուած Յոբելենական սուրբ տարուայ ծիրէն ներս այս օրերուն նշուող երիտասարդներու յոբելենական ուխտագնացութեան։
Գերապայծառ Վարդան Ծ. Վ. Գազանճեան
Գերապայծառ Գազանճեանի հետ միասին առիթը ունեցանք զրուցելու երիտասարդներու յոբելեանի կարեւորութեան մասին ապա այն փորձառութեան մասին` զոր անոնք պիտի ապրին Հռոմի մէջ, այցելելով Արեւելեան Եկեղեցիներու զանազան կեդրոններ ու ծանօթանալով աշխարհի այլ երիտասարդներուն հետ միասին ինչպէս նաեւ յառաջիկայ ուրբաթ օր, մէկ օգոստոսին, մասնակցելով Լեւոնեան Ք. Վարժարանի Սուրբ Նիկողայոսի անուան հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ կայանալիք սուրբ պատարագին զոր պիտի նախագահէ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարքը։
Ապա այն հարցումին թէ ի՞նչ կը նշանակէ յոյսը իրեն համար Գերապայծառը պատասխանեց. «Յոյսը` քրիստոնեայ հաւատացեալի կեանքին ողնայարն է»։ Իսկ երիտասարդներու մասին խօսելով ան շեշտը դրաւ «դադարի, կանգ առնելու եւ լռութեան» կարեւորութեան վրայ, որպէս անոնց կեանքին շրջադարձային պահ մը։
Գերապայծառ Գազանճեանը եւ երիտասարդները
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք