image

Յունաստանի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ պետ՝ Վեր. Վիգէն Չոլաքեանի այցը՝ Առաջնորդ Սրբազանին

Յունաստանի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ պետ՝ Վեր. Վիգէն Չոլաքեանի այցը՝  Առաջնորդ Սրբազանին

Յունաստանի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ՝ Վեր. Վիգէն Չոլաքեան  օրերս  այցելեց Յունաստանի Հայոց Թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Եմիշեանին շնորհաւորելով Առաջնորդ Սրբազանին եպիսկոպոսական օծումը. ինչպէս նաեւ ներկայացնելով անոր արխիւային թուայնացման իր աշխատանքին մասին տեղեկութիւն:

Այցին մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Յունաստանի Թեմի դիմատետրեան պաշտօնական էջէն: 

Ստորեւ հրապարակուած լրատւութիւնը:

Չորեքշաբթի, 19 Մարտ 2025-ին Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Սրբազանին այցելեց Յունաստանի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ՝ Վեր. Վիգէն Չոլաքեան:

Վերապատուելին նախ շնորհաւորեց Առաջնորդ Սրբազանը իր Եպիսկոպոսական օծման առթիւ եւ մաղթեց օրհնեալ եւ արգասաբեր ծառայութիւն: Արխիւներու թուայնացման ծրագրի մասին հակիրճ տեղեկութիւն փոխանցելով Վերապատուելին ներկայացուց իր յաջող առաքելութիւնը ԱՄՆ եւ արխիւային ծրագիրներու նոր եւ արդիւնաւետ փուլի աշխատանքները Լոս Անճելըսի մէջ: Սրբազան հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ բարեմաղթութիւններու եւ այցելութեան համար: