Յունաստանը պատրաստ է բանակցելու Թուրքիոյ հետ՝ ծովուն մէջ իրենց տնտեսական գօտիները սահմանազատելու համար՝ կոչ ընելով իր հարեւանին թուլցնելու լարուածութիւնը, որ կը վնասէ Անգարայի յարաբերութիւններուն Եւրոպական Միութեան հետ։
«Մեր դուռը միշտ բաց է, բայց այդ երկխօսութիւնը աւելորդ լարուածութեան թուլացում կ'ենթադրէ», ըսած է Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսը, Աթէնքի մէջ գտնուող Գերմանիոյ վարչապետի պաշտօնակատար Անկելա Մերքելի հետ հանդիպումէն յետոյ:
«Յունաստանը բացառիկ տնտեսական գօտիներու սահմանման մասին համաձայնագրեր ստորագրած է հարեւան երկիրներու հետ, ինչպիսիք են Իտալիան, Եգիպտոսը։ Չկայ պատճառ, թէ ինչու մենք չենք կրնար այդ ընել Թուրքիոյ հետ՝ պայմանով, որ լարուածութիւնը նուազի, եւ մենք կը հասկնանք, որ նման մօտեցումը, ի վերջոյ, ձեռնտու պիտի ըլլայ երկու երկիրներուն», ըսած է Միցոթաքիսը։