image

Ըստ Թրամփի միջուկային պատերազմի վտանգ կայ

Ըստ Թրամփի միջուկային պատերազմի վտանգ կայ

ԱՄՆ նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ նախազգուշացուցած է, որ Երրորդ համաշխարհային պատերազմ կրնայ սկսիլ Ուքրանիոյ կամ Թայուանի պատճառով։

Պատասխանելով 77 WABC ռատիոյի հաղորդավարի հարցին, թէ ինչը չի ձգեր, որ Թրամփ գիշերները քնանայ, Թրամփ ըսած է. «Ես ամէնէն շատ կը մտածեմ Երրորդ համաշխարհային պատերազմի մասին այն ահաւոր բաներու պատճառով, որոնք տեղի կ'ունենան Ուքրանիոյ մէջ։ Ըստ երեւոյթին, այդ նաեւ կրնայ տեղի ունենալ Չինաստանի մէջ՝ Թայուանի հետ կապուած. դուք կը տեսնէք, թէ ինչ կը կատարուի այնտեղ»։

Մեկնաբանելով Ռուսիոյ նախագահի վերջին ելոյթը, ուր ան խոստացած է «օգտագործել տրամադրութեան տակ եղած բոլոր միջոցները՝ Ռուսիան ու Ռուսիոյ ժողովուդը պաշտպանելու համար», Թրամփ նշած է. «մենք ամենավտանգաւոր ժամանակները կ'ապրինք..միջուկային զէնքի հզօրութեան պատճառով»։

«Մեծ երկրի համար, որ իր միջուկային հզօրութեամբ հաւասար է մեզի, նման խօսքերն այսպէս շաղ տալը վտանգաւոր է... Շատ վատ ժամանակներ են։ Շատ վատ ժամանակներ այդ երկրի եւ շատ ու շատ վտանգաւոր ժամանակներ աշխարհի համար»,- նշած է Թրամփ՝ կրկնելով, որ եթէ դեռ նախագահ ըլլար, Փութինը «Ուքրանիա չէր ներխուժեր»։

«Ես անոր հետ շատ լաւ լեզու կը գտնէի։ Ես կը խօսէի անոր հետ եւ կը հասկանայի»,- ըսած է Թրամփ Ռուսիոյ նախագահի մասին, եւ աւելցուցած՝ «Ան ալ ինծի կը հասկնար, հաւանաբար։ Բայց ես անոր լաւ կը հասկնայի, եւ ան երբեք սա չէր ըներ»։