Ամերիկայի նախագահ Ճօ Պայտըն պնդած է, որ միայն Միացեալ Նահանգները կրնայ ըլլալ համաշխարհային առաջնորդ։
«Եւ այս կատակ չէ, ես բառացիօրէն կ'ըսեմ. ո՞վ կրնայ ղեկավարել աշխարհը, բացի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն: Ամերիկան կը յաղթէ եւ այդ կ'ըլլայ յօգուտ աշխարհին»,-յայտարարած է ան Շիքակոյի մէջ Դեմոկրատականներու ազգային համագումարին, ուր պաշտօնապէս պէտք է դառնար նախագահի թեկնածուն առաջիկայ նոյեմբերին կայանալիք ընտրութիւններուն։ Սակայն համակուսակիցներու ճնշման տակ Պայտըն ստիպուած եղաւ յուլիսին դուրս ելլելու ընտրապայքարէն՝ դրօշը փոխանցելով փոխնախագահ Քամալա Հարիսին։
Պայտըն յիշեցուցած է նաեւ, որ Հանրապետական կուսակցութենէն բարձրագոյն կառավարական պաշտօնի թեկնածու Տանըլտ Թրամբ «Ամերիկան կ'անուանէ ձախողած երկիր»։
«Մտածեցէք այն ուղերձի մասին, որ ան կ'ուղարկէ աշխարհին, երբ կը խօսի Ամերիկայի մասին՝ որպէս ձախողող երկրի մասին»,-նման ուղերձով դիմած է Պայտըն իր համաքաղաքացիներուն: