ՀԲԸՄ յաջողութեամբ իրականացուց իր առաջին բարեսիրական համաշխարհային վազք-քայլարշաւը: 22 քաղաքներու մէջ, իրենց մասնակցութիւնը բերող կամաւորները գնահատելի նիւթական աջակցութիւն ապահովեցին Հայաստանի «Նայիրի» ճամբարին, որուն առաքելութիւնն է օգնել պատերազմէ եւ տեղահանութենէ տուժած մանուկներուն եւ ընտանիքներուն: Տարեկան աւելի քան 1000 մանուկներ եւ մայրեր կ՛օգտուին ՀԲԸՄի այս ծրագրէն:
Աւելի քան 1,500 մասնակիցներ եւ նուիրատուներ 500,000 տոլար հանգանակեցին, իրականացնելով ՀԲԸՄի նպատակակէտը, որով ՀԲԸՄը պիտի ընդարձակէ իր ծառայութիւնները ճամբարին բարիքներէն օգտուող ընտանիքներուն:
Ծրագիրը սկսաւ Երեւանի մէջ, Սեպտեմբեր 13ին, 200 մասնակիցներով: Մնացեալ 21 շրջաններուն մէջ՝ Պարսելոնա, Պէյրութ, Պրիւքսէլ, Ժընեւ, Լոս Անճելըս, Լոնտոն, Մելպուրն, Մոսկուա, Նիւ Եորք, Նիս, Հիւսիսային Քալիֆորնիա, Փարիզ, Ֆիլատելֆիա, Սան Փաուլօ, Շանկհայ, Սիտնի, Թոքիօ, Թորոնթօ, Թիֆլիս, Վալանս եւ Ցիւրիխ, վազքը տեղի ունեցաւ Սեպտեմբեր 20ին:
Ամենամեծ թիւով մասնակցողները Պէյրութի մէջ էին: Մեծաթիւ մասնակցողներ կային նաեւ Երեւանի, Լոս Անճելըսի ու շրջակայքի եւ Թորոնթոյի մէջ: Տարբեր շրջաններու մէջ վազքուղիները կ՛անցնէին յայտնի կեդրոններու մէջէն:
Լոս Անճելըսի Յատուկ ձեռնարկներու յանձնախումբը վազքին նախորդ երեկոյեան կազմակերպած էր բարեսիրական յատուկ երաժշտահանդէս մը: Վազքի աւարտին ճաշկերոյթ մը կազմակերպուած էր Մելպուրնի Կեդրոնին մէջ: Նոյնպէս նախաճաշի ձեռնարկներ կազմակերպուած էին այլ քաղաքներու մէջ:
Թոքիոյի եւ Շանկհայի մէջ, ուր ասիկա իր տեսակին մէջ առաջին ձեռնարկն էր․ տեղական փոքրաթիւ հայ համայնքին կողքին, օտարներ եւս մասնակցեցան:
ՀԲԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վարդգէս Գնաճեան, Զուիցերեայէն, կը գլխաւորէր քայլարշաւը, իսկ վարչութեան անդամ Անի Մանուկեան իր մասնակցութիւնը բերաւ համակարգումի աշխատանքներուն: Գխաւոր հովանաւորող «Եունիպենք»ը եւ այլ նուիրատու ընկերութիւններ սատարեցին այս նախաձեռնութեան:
«Նայիրի» ճամբարը հիմնուած է 2021ին, Հանքաւանի շրջանին մէջ, օգնելու համար 2020ի Արցախի պատերազմին պատճառով հոգեկան տագնապներու ենթարկուած մանուկներու եւ ընտանիքներու՝ վերականգնելու իրենց կենսունակութիւնը: Ճամբարէն ներս կը կազմակերպուին զբօսանքային ծրագրեր եւ կը տրամադրուի հոգեբանական աջակցութիւն մասնագէտ հոգեբաններու միջոցաւ: 2024էն ի վեր ճամբարէն ներս կը կազմակերպուին շաբաթավերջի արուեստի եւ երաժշտութեան կազդուրիչ ձեռնարկներ մայրերու եւ մանուկներու համար: Վազքի այս ձեռնարկէն գոյացած գումարը պիտի յատկացուի բարձրորակ ճամբարային ընկերային ծրագիրներու մշակումին, մասնագէտ հոգեբաններու ապահովումին եւ տարածքի ընդարձակումին:
Նուիրահաւաքի էջը (agbu.org/global-run-2026) տրամադրելի պիտի ըլլայ մինչեւ Նոյեմբեր:
(Քաղուած ՀԲԸՄի թղթակցութենէն)