Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով հերքած է նախագահ Վլատիմիր Փութինի վատառողջ ըլլալու մասին լուրերը:
«Նախագահ Վլատիմիր Փութին ամէն օր կը յայտնուի հանրութեան առջեւ: Զայն կարելի է տեսնել պաստառներէն, կարդալ ու լսել անոր ելոյթները: Չեմ կարծեր, որ ողջամիտ մարդիկ այս մարդուն մէջ կրնան տեսնել որեւէ հիւանդութեան կամ վատառողջութեան նշաններ: Ես այդ կը թողեմ անոնց խիղճին, որոնք նման լուրեր կը տարածեն` չնայած ամէնօրեայ հնարաւորութիւններուն` համոզուելու, թէ ով եւ ինչ տեսք ունի», պատասխանած է Լաւրով այն հարցումին, թէ ճի՞շդ են այն տեղեկութիւնները, որ Փութինը հիւանդ է:
Մարտի վերջին Լաւրով հերքած էր Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի առողջական խնդիրներու մասին տեղեկութիւնը` նման հաղորդագրութիւններն անուանելով «անհեթեթութիւն» եւ «բացայայտ սուտ»:
Աւելի վաղ The Sun-ը յայտնած էր, որ Փութին մտադիր է յաջորդ տարուայ սկիզբը հեռանալ պաշտօնէն` առողջական խնդիրներու պատճառով: Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով նման տեղեկութիւնը անհեթեթութիւն անուանած է:
Պէտք է դիմանանք, պատերազմը երկար պիտի տեւէ». Ժոզէֆ Պորէլ
ԵՄ արտաքին գործերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն ներկայացուցիչ Ժոզեֆ Պորէլ կը կարծէ, որ Ուքրանիոյ հակամարտութիւնը պիտի ձգձգուի, ինչի առիթով ան հանդէս եկած է Ռուսիոյ նկատմամբ հետագայ պատժամիջոցներ սահմանելու օգտին:
«Մենք պէտք է դիմանանք: Պատերազմը երկար պիտի տեւէ, Ռուսիոյ Դաշնութեան գործողութիւններու կատաղութիւնը կ'աւելնայ: Մենք պէտք է շարունակենք Ուքրանիոյ պայքարելու միջոցներ տրամադրել, ինչպէս նաեւ տնտեսական ճնշում գործադրել Ռուսիոյ վրայ», ըսած է Պորէլ:
Անոր խօսքով, ռուսական տնտեսութիւնը արդէն սկսած է կանգ առնել, եւ Մոսկուայի վրայ հետագայ ճնշումը թոյլ պիտի տայ Քիեւին աւելի լաւ դիրք ապահովել ապագայ խաղաղ բանակցութիւններուն մէջ: Ան նաեւ յիշեցուցած է, որ անցեալ շաբաթ ԵՄ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները արդէն համաձայնած են Ուքրանիոյ համար զէնք գնելու յաւելեալ միջոցներու յատկացումը:
Պորէլ համոզմունք յայտնած է, որ ի վերջոյ պայմանաւորուածութիւն պիտի ըլլայ պատժամիջոցներու վեցերորդ փաթեթի շուրջ, որ ԵՄ երկիրներու ներկայացուցիչները մի քանի շաբաթ է, ինչ անարդիւնք կը փորձեն համաձայնեցնել` Ռուսիոյ Դաշնութենէն նաւթի եւ նաւթամթերքի արգելք կիրառելու վերաբերեալ շարք մը երկիրներու անհամաձայնութեան պատճառով: