Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երկրի բնակիչներուն հետ հանդիպման ժամանակ յայտարարած է, որ Հայաստանէն ժամկէտներ կ'ակնկալէ ստանալ, թէ ե՞րբ պիտի գործարկուի այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցքը»:
«Հայաստանն ու ամբողջ աշխարհը տեսան, որ ոչ ոք կրցած է կանգնեցնել մեզ: Պատերազմի ժամանակ կային ուժեր, որ կը փորձէին կանգնեցնել մեզ, ի դէպ, անոնք բաւականին ուժեղ շրջանակներ էին, սակայն չկրցան կանգնեցնել մեզ: Ես կ'ըսէի, որ մեզի յայտնեն ամսաթիւը, թէ երբ պիտի ազատեն մեր հողերը, եւ մենք կը դադրեցնենք: Այսօր նոյնը կ'ըսեմ: Նշեցէ՛ք ամսաթիւը, թէ երբ պիտի բացուի Զանգեզուրի միջանցքը, եւ այդ պարագային ոչ մէկ խնդիր կ'ըլլայ», ըսած է Ալիեւ:
Ան յաւելած է, որ իրենք «ինչին որ կ'ուզեն հասնիլ, կը հասնին»: «Լաւ կ'ըլլար, եթէ այդ հարցը լուծուէր կառուցողական ճանապարհով, բանակցութիւններու եւ փոխըմբռնման եղանակով»: