Հայկ Մարութեանը, Պավել Մազմանեանը, Լիլիթ Պիպոյեանը, Ռուբէն Հայրապետեանը դիմումներ ներկայացուցած են աւագանիի անդամի իրենց լիազօրութիւնները դադրեցնելու վերաբերեալ։ Այս մասին այսօր Երեւանի աւագանիի արտահերթ նիստին յայտարարեց Երեւանի քաղաքապետ Հրաչեայ Սարգսեանը:
Ան տեղեկացուց, որ Վահէ Գրիգորեանը դիմում ներկայացուցած է խմբակցութեան կազմէն դուրս գալու մասին, եւ պիտի շարունակէ աւագանիի իր գործունէութիւնը։ «Վաղաժամ լիազօրութիւնները դադարեցրած Գրիգոր Երիցեանի մանտաթը տրուել է «Իմ քայլը» դաշինքի հերթական յաջորդ թեկնածու Միսակ Սարգսեանին, իսկ Գայիանէ Վարդանեանի մանտաթը տրուել է Գառնիկ Վարդանեանին», ըսաւ ան։
Քաղաքապետը առաջարկեց քաղաքապետի առաջին տեղակալի հաստիքին նշանակել «Իմ քայլը» խմբակցութեան քարտուղար Լեւոն Յովհաննիսեանին, եւ ըսաւ, որ ան ֆինանսական ոլորտին մէջ մեծ յաջողութիւններ ունի, տարբեր պաշտօններ վարած է։ Այսպիսով՝ աւագանին քուէարկեց. 37 կողմ, 1 դէմ եւ 3 ձեռնպահ ձայներով Լեւոն Յովհաննիսեան ընտրուեցաւ Երեւանքի քաղաքապետի առաջին տեղակալ։