image

Հետը, թէ՞ ետեւէն

Հետը,  թէ՞ ետեւէն

Հետը   թէ՞ ետեւէն

Իբրեւ հայ քրիստոնեայ՝ բոլորդ պէտք է ճանչնաք Ծննդոց գիրքի այն դրուագը, ուր Աստուած, Ադամը ուրախացնելու համար, անոր  կողէն առաւ ոսկոր մը եւ ստեղծեց... Եւան: Եւ զայն ներկայացուց Ադամին՝ ըսելով.

--«Այսուհետեւ թողցէ այր զհայր եւ զմայր եւ երթիցէ զհետ կնոջ իւրոյ»: 

(Այսուհետեւ տղամարդը պիտի ձգէ իր հայրն ու մայրը եւ պիտի երթայ  զհետ իր կնոջ):

Հարցում՝

Ի՞նչ կը նշանակէ այս զհետ-ը՝ այստե՛ղ:                  

                                                                             *   *   *

Այս հարցումիս պատասխանն ալ ակնկալած եմ  կրօնքի ուսուցիչէս, որ քահանայ մըն էր,  ապա մեր ծխատէր քահանայէն, որ նախապէս կօշկակար մըն էր, ապա զիս պսակող  վարդապետէն, յետոյ... կամաց-կամաց բարձրացուցած եմ «գիտութեան նշաձողս»՝ հասնելու համար Հայ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներուն եւ արքեպիսկոպոսներուն:

Եւ միշտ ստացած եմ նոյն պատասխանը.

Հետը...

Այլ խօսքով՝ «Ադամ պարտէր երթալ կնոջը՝ Եւայի հետ»:

Ասկէ աւելի «տրամաբանական» ի՞նչ կայ:

Մարդ ինչո՞ւ կնիկ կ’առնէ,—  անշուշտ հետը երթալու համար:

Ոէպէսզի «երկոքեան եղիցին ի մարմին մի»:

Սակայն կարելի՞ է  իրապէս մտածել, որ մեր հոգեւոր  հայրերը, որոնք հեռաւոր անցեալին շարադրած են պսակադրութեան  կարգը, պսակուող  տղամարդուն, այսինքն՝ օրուան փեսային,  թելադրէին  կնոջը  հետ երթալ. այլ խօսքով՝   անոնք կրնայի՞ն մտածել, թէ ան  հարսը  հոն՝ եկեղեցւոյ մէջ ձգէր ու ինք  գլուխը առնէր-հեռանար, որպէսզի ստիպուած ըլլային անոր յիշեցնելու եւ անոր թելադրելու, որ կնոջը հետ երթայ: 

Ծիծաղելի չէ՞   նման միտքը:

Ամուսնացողին տրուած թելադրանքը ա՛յն է, որ ան երթայ կնոջ ետեւէն, այլ խօսքով՝ հետեւի՛ կնոջը. երթայ հո՛ն, ուր կինը կը տանի զինք, այն է՝ ամուսինին ծնողներէն հեռու՝  կազմելու համար իրենց սեփակա՛ն տունը, սեփակա՛ն բոյնը:

Նման բան մը կարելի կ’ըլլար, եթէ տղամարդը՝ օրուան փեսան, յօժարէր բաժնուիլ ու հեռանալ իր ծնողներէն՝ կապուելու համար կնոջը:

Աստուած շատ յստակ ըսաւ.

—Այսուհետեւ թողցէ այր զհայր եւ զմայր իւր...

Այլ խօսքով՝ այրը պարտի բաժնուիլ հօրմէն ու մօրմէն,—ա՛լ մամա-պապա չհոլովէ,— ու հետեւի կնոջը,  որպէսզի անոնք կարենային ըլլալ «մարմին մի»: Առանց այդ բաժանումին կամ խզումին անկատար պիտի ըլլար միութիւնը կնոջը հետ:

                                                                               *   *   *

Յետոյ ուրիշ դռներ բացուեցան մտքիս  փնտռտուքներուն առջեւ:

Ասոնցմէ առաջինը Հին կտակարանի Հռութի գիրքին առթիւ էր:

Ուրեմն այստեղ կը պատմուի, որ Նոյեմիի երկու զաւակները կը մեռնին:

Երկու հարսերէն մեծը՝ Որփան, ժամանակ մը անց կը բաժնուի կեսուրէն եւ կ’երթայ հօրենական տունը:

Մինչ Հռութը՝ դեռատի, հազիւ 16-17 տարեկան, կը մնայ ամուսնական տան մէջ, ուրկէ հեռանալու ոչ մէկ նշան ցոյց կու տայ:

Նոյեմի կը խղճայ անոր. որովհետեւ ըստ հրէական աւանդութեան՝ այրի մը այնքան ատեն որ  կ’ապրի ամուսնական տան մէջ, ապա անոր ձեռքը նոր խնդրող մը չ’ըլլար. իսկ  անոր կեսուրը կը փափաքէր, որ ան վերամուսնանայ ու վերանորոգէ իր կեանքը:

Ահա ա՛յս նպատակով ալ ան կը թելադրէ Հռութին.

—Դարձի՛ր և դու զհետ նիրի՛ն քոյ։

Բառացի՝ 

--«Դարձի՛ր,  դո՛ւն  ալ գնա  ներիդ...   հե՞տ, թէ՞ ետեւէն:

Ները՝ ամուսինին եղբօրը կինն է: Երկու եղբայներու կիները իրարու ներ են:

Անշո՛ւշտ որ ետեւէն, քանի որ ները՝ Որփան, այնտեղ ներկայ չէր, որպէսզի անոր հե՛տ երթար:

Կը գտնենք զհետ-ի կիրարկութեան ուրիշ խօսուն օրինակ մըն ալ:

Ուրեմն Յովսէփ գեղեցիկի տասը  մեծ եղբայրները իրենց հօտերը արածելու տարած էին  տունէն բաւական հեռու արօտներ: Անոնք  այնտեղ ալ կը գիշերէին ընդերկար:

Անոնց հայրը՝ Յակոբը, Յովսէփին կը խնայէր նման դժուար կեցութիւն մը, մէկ կողմէ՝ նկատի առնելով անոր տարիքը, միւս կողմէ՝ տեղի տալով այն իւրայատուկ սէրին, որ Յակոբ կը տածէր հանդէպ  Յովսէփին,  որ Ռաքէլի  տղան էր: Իսկ Ռաքէլը Յակոբի կիներուն ու հարճերուն մէջ իր կարգին իւրայատուկ էր. ան Յակոբի առաջին ու մեծ սէրն էր, այն, որուն համար 14  տարի ձրի ծառայեց Լաբանին՝ տիրանալու համար աղջկանը՝  Ռաքէլի ձեռքին:

Եւ ահա օր մը, երկար ատենէ իվեր լուր  առած չըլլալով իր խաշնարած  զաւակներէն, Յակոբ ըսաւ Յովսէփին.

—Ե՛րթ տես, եթէ ո՞ղջ իցեն եղբարքն քո:

Բառացի՝ 

—«Գնա՛-տես, թէ ո՞ղջ են եղբայրներդ»:

                                                                       *   *   *

—Եւ գնա՛ց   Յովսէփ  զհետ եղբարց   իւրոց:

Այս պարագային եւս պարզ է, որ Յովսէփ գնաց եղբայրներուն... ետեւէն:

Եւ ոչ թէ անոնց հե՛տ:

                                                                       *   *   *

Աստուածաշունչի մէջ 390 անգամ գործածաուած է զհետ՝ մէկ կարեւոր մասը ետեւէն նշանակութեամբ: Բերենք քանի մը ծանօթ   օրինակներ.

--Եւ աարձակեաց զաղաւնին զհետ նորա (Ծնունդք, 8/8):

Կ’ակնարկէ Նոյին, որ արձակեց նախ ագռաւը, անոր ետեւէն՝ աղաւնին:

--Մտեալ էին զհետ նոցա ի ծով այնր (Ելից, 14/18):

Կ’ակնարկէ փարաւոնի զինուորներուն, որոնք Կարմիր ծով մտան հրեաներուն ետեւէն. այդ պահուն ջուրերը միացան ու խեղդեցին զանոնք:

--Աղաղակեաց Դաւիթ զհետ նորա եւ ասէ ...(Ա. Թագաւորաց, 24/9): 

Աղաղակեց Դաւիթ անոր՝ Սաւուղ արքայի  ետեւէն եւ ըսաւ...



Արմենակ Եղիայեան 
 armenag@gmail.com