Ժողովուրդի եւ երկրի մէջ հաստատուած իրաւակարգի միջեւ օրկանական կապի խնդիր կայ։ Այս մասին յայտարարած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ «Արդարադատութիւնը որպէս արդարութեան հասնելու գործիք» խորագրով համաժողովի ժամանակ։
«Ես կարծում եմ՝ ճեղք կայ ժողովրդի եւ Հայաստանում հաստատուած իրաւակարգի միջեւ։ Այս ընթացքում ես միայն համոզուել եմ, որ այդ ճեղքը կախուած է եւ կապուած է նրա հետ, որ բոլոր սահմանադրական հանրաքուէներում եղել է որոշակի հանրային ընկալում եւ համոզմունք, որ սահմանադրական հանրաքուէների՝ պաշտօնապէս արձանագրուած արդիւնքները չեն արտայայտում կամ ճշգրիտ չեն արտայայտում ժողովրդի կամքը»,- յայտարարած է Փաշինեանը։
Վարչապետի կարծիքով՝ Հայաստանի մէջ արդարադատութեան ուշացման հարցը խորքային է, եւ պատճառներէն մէկը կառուցակարգային ու բովանդակային խզումն է՝ արդարադատութեան եւ հասարակութեան միջեւ։
Հայաստանի արդարադատութեան նախարարութիւնը ներկայիս կ՚աշխատի նոր Սահմանադրութեան բնագրի մշակման վրայ։
Արդարադատութեան փոխնախարար Տիգրան Դադունցը յայտարարած է, որ մինչեւ 2026-ի խորհրդարանական ընտրութիւններ Սահմանադրութեան նախագիծի բնագիրը պէտք է պատրաստ ըլլայ:
Ըստ գործող Սահմանադրութեան՝ հանրաքուէի դրուած բնագիրը կ՚ընդունուի, եթէ ատոր կողմ է քուէարկած է մասնակիցներու կէսէն աւելին, բայց ոչ պակաս, քան հանրաքուէներուն մասնակցելու իրաւունք ունեցող քաղաքացիներու մէկ քառորդը։
Փաշինեանը չէ բացառած, որ նոր սահմանադրութեամբ կրնայ չորրորդ հանրապետութեան սկիզբը դրուիլ։