Առողջապահութեան նախարար Անահիտ Աւանեսեան Ազգային Ժողովին մէջ ներկայացուցած է առողջապահութեան համապարփակ ապահովագրութեան համակարգի մասին նախագիծերը։ Ան յայտնած է թէ, որ խումբերը որքան պիտի վճարեն ապահովագրութեան համար։
Աւանեսեանի խօսքով՝ 200-500 հազար դրամ ստացող անձերը պէտք է վճարեն տարեկան 129600 դրամ, որ ամսական կը կազմէ 10800 դրամ եւ վճարումը պիտի կատարուի ամսական կտրուածքով։
«Յաջորդը ֆիզիքական յայտարարագրման համակարգի շրջանակում սոցիալական (ընկերային) կրեդիտների (վարկ) ետվերադարձն է։ Այսինքն, վճարուած եկամտահարկից պետութիւնը վերադարձնում է գումար առողջութեան համար»,-նշած է նախարարը։
Ըստ նախարարին՝ 500000-1000000 դրամ աշխատավարձ ստացողները պիտի վճարեն 8500 դրամ։ Իսկ 1000000 դրամ ստացողները եւս պիտի շարունակեն վճարել 15000 դրամ։
Նախարարը նաեւ նշած է, որ կը նախատեսուի համընդհանուր ապահովագրութեան համակարգը ներդնել 3 տարուան ընթացքին։