Իսրայէլի մօտ Ատրպէյճանի դեսպան նշանակուած է կրթութեան եւ գիտութեան փոխնախարար Մուխթար Մամետովը։ Այս մասին տեղեկացուցած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։
Մուխթար Մամետով ծնած է 1983-ին Պաքու։ Պաքուի պետական համալսարանի, Պելճիքայի Եւրոպական քոլեճի, Ատրպէյճանի նախագահին կից Պետական կառավարման ակադեմիայի շրջանաւարտ է։ 2005-2013 թուականներուն աշխատած է արտաքին գործոց նախարարութիւն, այդ շարքին՝ 2009-2013 թուականներուն Պելճիքայի մօտ Ատրպէյճանի դեսպանութիւն։ 2013-էն ի վեր կը ծառայէ կրթութեան նախարարութիւն. եղած է միջազգային համագործակցութեան բաժնի պետը, ղեկավարած այդ գերատեսչութեան աշխատակազմը, անցեալ տարուան ապրիլէն կը զբաղցնէ փոխնախարարի պաշտօնը։ Ղեկավարած է Իսրայէլի հետ նորարարական համագործակցութեան նախագիծերը գիտութեան եւ կրթութեան ոլորտին մէջ։
Կը տիրապետէ ռուսերէնին, անգլերէնին եւ թրքերէնին։