ՀՀ Ազգային ժողովի «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան արդէն նախկին պատգամաւոր Գուրգէն Արսէնեանին պիտի փոխարինէ Արմենուհի Ղազարեան։ Այդ մասին որոշում կայացուցած է ՀՀ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովն իր հերթական նիստի ժամանակ։
«Ազգային Ժողովի «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան ընտրական ցուցակից ընտրուած եւ լիազօրութիւնները վաղաժամկէտ դադարած պատգամաւորի մանդատը տրամադրուել է «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան ընտրական ցուցակի առաջին մասի հերթական յաջորդ թեկնածու Արմենուհի Նշանի Ղազարեանին»,– ըսուած է Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի որոշման մէջ։
Պատգամաւորի մանթատը վերցնելու մասին գրառում ըրած է նաեւ Արմենուհի Ղազարեան։
«Յարգելի ընկերներ, ցանկանում եմ ձեզ տեղեկացնել, որ այսօր Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովից ստացայ իմ պատգամաւորական մանդատը։ Գիտակցում եմ օրէնսդիրում աշխատելու մեծ պատասխանատուութիւնս։ Քաղաքական թիմիս հետ պատրաստ եմ մասնակցելու երկրիս ու ժողովրդիս առջեւ ծառացած խնդիրների լուծմանը»,– գրած է ան։
Նշենք, որ Արմենուհի Ղազարեան «Nairi kindergarten»-ի հիմնադիր–տնօրէնն է, համատեղութեամբ նաեւ կը տնօրինէ Երեւանի Շենգաւիթ վարչական շրջանի Կորիւն Նիկողոսեանի անուան մանկապատանեկան արուեստի կեդրոնը։ Աշխատած է նաեւ որպէս հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցիչ։
Գուրգէն Արսէնեան մանթատը վար դնելու դիմում ներկայացուցած է 6 օգոստոսին, դեսպան նշանակուած 15 օգոստոսին։