image
Հրատապ լուրեր:

«Յատուկ գործողութեան նպատակը մարդոց պաշտպանութիւնն է» Նախագահ Փութինի խօսքը

 «Յատուկ գործողութեան նպատակը մարդոց պաշտպանութիւնն է» Նախագահ Փութինի  խօսքը

Ռուսաստանի նախագահ՝ Վլատիմիր Փութին 24 Փետրուարի առաւօտեան ժամը 05.50-ին ռուսաստանցիներուն ուղղած իր ուղերձով յայտարարած է, որ Տոնպասի մէջ յատուկ ռազմական գործողութեան մասին որոշում կայացուցած է:

 

«Հանգամանքները կը ստիպեն մեզի վճռական եւ անյապաղ գործողութիւններ: Տոնպասի ժողովրդական հանրապետութիւնները դիմած են Ռուսաստանին՝ օգնութեան խնդրանքով: Անոր կապակցութեամբ, համաձայն ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան 7-րդ մասի 51-րդ յօդուածին եւ ի կատարումն Դաշնային ժողովի կողմէ վաւերացուած Տոնեցքի Ժողովրդական Հանրապետութեան եւ Լուկանսքի Ժողովդական Հանրապետութեան հետ բարեկամութեան եւ փոխօգնութեան մասին պայմանագիրներուն, ես որոշում կայացուցած եմ յատուկ ռազմական գործողութիւն կատարելու մասին»,- ըսած է  Փութին հեռատեսիլային ուղերձով:

 

Ան նշած է, որ Ռուսաստանի ծրագրին մէջ Ուքրանիոյ բռնագրաւման հարց չկայ: «Յատուկ գործողութեան նպատակը մարդոց պաշտպանութիւնն է, որոնք 8 տարուայ ընթացքին կ'ենթարկուին ծաղրուծանակի եւ ցեղասպանութեան Քիեւի ռեժիմի կողմէ, եւ անոր համար մենք պիտի ձգտինք Ուքրանիոյ ապառազմականացման եւ ապապետականացման, ինչպէս նաեւ դատարանին յանձնելու անոնք, որոնք իրականացուցած են բազմաթիւ արիւնալի յանցագործութիւններ խաղաղ բնակիչներու նկատմամբ, անոնց կարգին ՌԴ քաղաքացիներուն»,-ըսած է Փութին:

 

Փութինի խօսքով, Ռուսաստանի բախումը Ուքրանիոյ ազգայնական ուժերուն հետ անխուսափելի է. «Այդ միայն ժամանակի հարց է: Անոնք կը պատրաստուին եւ կը սպասեն յարմար ժամուն: Հիմա կը յաւակնին ունենալ միջուկային զէնք: Մենք այդ թոյլ չենք տար, որ  ընեն»,-ըսած է Փութին:

 

Ան նաեւ աւելցուցած է, որ Ռուսաստան չի կրնար ինքզինք անվտանգ զգալ, զարգանալ, գոյութիւն ունենալ Ուքրանիայէն եկող մշտական սպառնալիքին տակ, նկատելով, որ անընդունելի է ՆԱԹՕ-ի կողմէ Ուքրանիոյ իւրացումը:

 

Ան նաեւ յայտարարած է, թէ Ռուսաստանի քաղաքականութեան հիմքը ազատութիւնն է եւ այդ իրաւունքը պէտք է ունենան բոլորը, անոնց կարգին Ուքրանիոյ բնակիչները: «Ընտրութեան ազատութիւն բոլորին համար, որ ինքնուրոյն որոշեն իրենց եւ իրենց երեխաներու ապագան»:  

 

Փութին դիմած է նաեւ ուքրանացի զինուորականներուն՝ նշելով, որ անոնք հաւատարմութեան երդում տուած են ժողովուրդին, ոչ թէ հակաժողովրդական ատեանին, որ կը թալանէ Ուքրանիան: Ան կոչ ըրած է չկատարելու յանցաւոր հրամաններ, անյապաղ վայր դնելու զէնքը եւ երթալու տուն: 

 

Փութին ընդգծած է, որ Ռուսաստան կը յարգէ եւ կը շարունակէ յարգել Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ) երկիրներու ինքնիշխանութիւնը. «Անոր օրինակը օգնութիւնն է, որ մենք ցուցաբերեցինք Ղազախստանին, որ դիմագրաւեց ողբերգական իրադարձութիւններ, իրենց պետականութեան եւ ամբողջականութեան մարտահրաւէրներ»:

 

ՆԱԹՕ-ն, Ըստ Փութինին, կը մօտենայ Ռուսաստանի սահմաններուն, եւ Մոսկուան 30 տարուայ ընթացքին փորձած է պայմանաւորուիլ, որ այդ դաշինքը չծաւալուի դէպի արեւելք, սակայն բախում ունեցած է սուտի, շանթաժի ու ճնշման փորձերու հետ:

 

Ռուսաստան պատրաստ է իրադարձութիւններու ցանկացած զարգացման, բոլոր որոշումները ընդունուած են, յայտարարած է Փութին: «Յոյս ունիմ, որ ես լսելի կ'ըլլամ»,-ըսած է ան:

 

«Ուժեր միշտ պէտք են, միշտ, բայց ուժը կրնայ տարբեր որակով ըլլալ: Սուտի կայսրութեան քաղաքականութեան հիմքը, որու մասին խօսեցայ իմ ելոյթի սկիզբը, կայ կոպիտ ուղղագիծ ուժը: Այսպիսի պարագաներուն մեզ մօտ կ'ըսեն՝ ուժը կայ, խելք պէտք չէ: Իսկ մենք գիտենք, որ իրական ուժը արդարութեան եւ ճշմարտութեան մէջ է, որ մեր կողմն է»,-աւելցուցած է երկրի ղեկավարը: