image

Յարձակման ենթարկուած է քաղաքական գործիչ՝ Միհրան Յակոբեան

Յարձակման ենթարկուած է քաղաքական գործիչ՝ Միհրան Յակոբեան

Քիչ առաջ «Տալմա մոլ»-ի կայանատեղիին մէջ տեղի ունեցած է աւազակներու կողմէ յարձակում հանրային գործիչ Միհրան Յակոբեանին վրայ։ Այս մասին գրած է փաստաբան Ռուբէն Մելիքեան:

«Յարձակուողները եղել են դիմակներով եւ անսպասելի յարձակուել են թիկունքից։ Միհրանը ստացել է մարմնական վնասուածքներ եւ այժմ տեղափոխւում է «Իզմիրլեան» Բժշկական Կեդրոն։

Վստահ եմ, որ այս յարձակումը տեղի չէր ունենայ, եթէ իրաւապահները բացայայտած լինէին 2021թ-ին Միհրանի տան առջեւ նռնակ նետելու յանցանքը»,-գրած է Մելիքեան:

Միհրան Յակոբեանին յանձնարարած են առնուազն մէկ օր մնալ հիւանդանոց: Այս մասին լրագրողներուն հետ զրոյցին ըսած է փաստաբան Ռուբէն Մելիքեան:

«Կայ քթի կոտրուածք եւ հարուածներ գլխին: Կատարուել է քթի վիրահատական միջամտութիւն: Մենք ակնկալում ենք, որ տաք հետքերով կ'ունենանք բացայայտում»,-նշած է Մելիքեան: