image

«Յանուն Ուքրանիոյ». Պայտըն 40 միլիառ տոլար յատկացնելու կոչ ըրաւ Գոնկրէսին

«Յանուն Ուքրանիոյ». Պայտըն   40 միլիառ տոլար  յատկացնելու կոչ  ըրաւ Գոնկրէսին

ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն Գոնկրէսին կոչ ըրած է անյապաղ ընդունելու Ուքրանիոյ 40 միլիառ տոլար ծաւալով օգնութեան մասին նոր օրինագիծը` առաջին անգամ զգուշացնելով, որ գոյութիւն ունեցող օգնութեան փաթեթը պիտի սպառի «մօտ տասը օրէն»::

«Յառաջիկայ օրերու ընթացքին դրէք զայն (օրինագիծը) իմ սեղանին», կ'ըսուի Պայտընի յայտարարութեան մէջ:

Պայտընը ի սկզբանէ 33 միլիառ տոլար խնդրած է Ուքրանիոյ օգնելու համար, սակայն Գոնկրէսը առաջարկած է մի քանի միլիառ աւելցնել աւելի շատ պարէն եւ ռազմական սարք ապահովելու համար:

«Մենք չենք կրնար մեզ թոյլ տալ յետաձգել ջանքերը այս կենսական պատերազմին մէջ», ըսած է Պայտըն` ընդգծելով, որ չափազանց կարեւոր է օգնել Ուքրանիոյ՝ ռուսական յարձակման դէմ պայքարին մէջ: